2009-01-08 13:39:24

Ակնարկ Մը՝Միջազգային ու Գաղութային Լուրերուն։


 Ակնարկ Մը՝Միջազգային ու Գաղութային Լուրերուն։



Մինչ Ջերմաստիճանը Ամբողջ Եւրոպայի մէջ Զերոյէն Նուազ է ,Ռուսական Կազի Մատակարարումը Կը Դադրի՝ Ուկրանիա-Ռուսիա հակադրութեան հետեւանք։

Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցիչը Ֆերան Թարատելեաս, Յունուար 7-ին անգլիական BBC ռատիօկայանէն յայտարարեց որ ՝՝Եւրոպան այլեւս չի ստանար ռուսական կազ՝՝, որը տարանցիկ ճամբով Ուքրանիայէն կուգար։ Եւրոյանձնաժողովը եւ Եւրոմիութիւնը կոչ ըրած են Ուքրանիոյ եւ ռուսական Կազփրոմ ընկերութեան անյապաղ բանակցութիւններ սկսելու եւ նոր առեւտրական համաձայնութիւն կնքելու։ Յունուար 6-ին ամբողջովին դադրած էր կազամատակարարումը դէպի՝ Հունգարիա, Սերպիա, Մակեդոնիա, Խրուաթիա, Պուլկարիա, Թուրքիա, Յունաստան եւ Պոսնիա։ Միւս կողմէ խախտուած է նաեւ կազի մատակարարման համակարգը դէպի Իտալիա(որ այսօր կառավարական մակարդակով ժողով գումարեց ստուգելու համար կացութիւնը) Լեհաստան, Ֆրանսա, Չեխիա, Աւստրիա, Սլովաքիա եւ Սլովենիա՝ երբ ջերմաստիճանը Եւրոպայի շատ մը Երկիրներուն մէջ իջած է զերոյէն վար։ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Իուշչենքօ նամակ մը ուղղած է Ռուսիոյ եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահներուն, պահանջելով անմիջապէս վերականգնել ուքրանական տարածքով դէպի Եւրոպա կազի մատակարարումը։ Իր կարգին ՝՝Կազփրոմ՝՝ ընկերութիւնը հաստատած է, թէ ոչ ինք, այլ Ուքրանիան դադրեցուցած է տարանցիկ կազատարով դէպի Եւրոպա կազի մատակարարումը։Ըստ Ռոյթրըզ լրատու գործակալութեան ՝՝Կազփրոմ՝՝ ընկերութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է անմիջապէս բանակցութիւններ սկսելու Ուքրանական իշխանութիւններուն հետ, տագնապը լուծելու նպատակով՝՝։ Իսկ Երեւանի փողոցները ծածկուած Ձիւնով,կը մնան ձիւնոտ,անոր համար որ չեն գործածուիր ձիւնահաւաք մեքենաները,բայց վերջերս մայրաքաղաք ներմուծուած են ձիւնամաքրման յատուկ սարքաւորումներ։ Որոշ համայնքներու մէջ այդ խնդիրին վրայ աւելցած է նաեւ աղբահանութեան հարցը, որ թերեւս կը պատճառաբանուի տօներով։ Նշենք որ Ամանորին, բնութեան մատուցած անակնկալ ձիւնին հետեւանքները, կը հոգայ նոյն ինքն՝ բնութիւնը։ Ջերմաստիճանի բարձրացման հետեւանք սկսած է հալիլ կուտակուած սառոյցը։



Սպահանի Հայոց Թեմը Կը Դատապարտէ Կազայի Ժողովուրդի Սպանդը

՝՝Կազայի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցածը, օր ցերեկով, լոյս աչքով, յաչս աշխարհի՝ մարդկութեան դէմ կատարուող ոճիր մըն է։

Կարելի չէր լուռ մնալ Պաղեստինի ժողովուրդին նկատմամբ Իսրայէլի կողմէ ցուցաբերուող անմարդկային վերաբերմունքին հանդէպ։ Կարելի չէ ոճրագործական արարքներով եւ սպանութիւններով արդարութեան ձայնը լռեցնել, ժողովուրդի իրաւունքները անտեսել ու մանաւանդ անոր արդար դատը մոռացութեան մատնել։ Այդպիսի քայլեր անընդունելի են Միջազգային օրէնքին, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան ու մարդկային իրաւանց բոլոր հիմնարար արժէքներու տեսանկիւնէն՝՝։ Այս խօսքերով, Սպահանի հայոց թեմը, յանուն Ազգային մարմիններու ու ողջ ժողովուրդին, հաղորդագրութեամբ մը կը դատապարտէ Իսրայէլի վարչակարգի կողմէ Կազայի բնակչութեան դէմ իրագործուած անհամեմատական յարձակումներն ու բռնութիւնները, միեւնոյն ժամանակ համաշխարհային հանրութեան կոչ կ՝ընէ դատապարտելու Իսրայէլի ոճրագործական արարքը եւ իսկոյն դադրեցնելու յարձակումները։ Իսկ Իսրայէլեան բանակը(տեղի տալով միջազգային գետնի վրայ կատարուած ճնշումներուն) Չորեքշաբթի օր(7 Յունուար)շուրջ երեքժամ տեւող դադարէ մը ետք, վերսկսաւ խիստ ռմբահարումներու ենթարկել Կազան՝ բարձրացնելով զոհուած անմեղ քաղաքացիներուն թիւը։ Կարճատեւ դադարին նպատակը՝ մարդասիրական օժանդակութեան բաշխման հնարաւորութիւն ընձեռելն էր։ Միւս կողմէ Ֆրանս-Եգիպտական նախաձեռնութեամբ առաջարկուած խաղաղութեան ծրագիրի մանրամասնութիւնները կը մնան անյայտ։ Չորեքշաբթի օր(7-ը յունուար), Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ողջունած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի իշխանութեանց կողմէ զինադադարի ծրագիրի ընդունումը։

Դեկտեմբեր 27ին սկիզբ առած իսրայէլեան ռմբակոծումներու եւ ցամաքային յարձակումներու պատճառաւ ցարդ զոհուած պաղեստինցիներու թիւը հասած է 700-ի ,իսկ վիրաւորնեու թիւը աւելի քան 3000 են։








All the contents on this site are copyrighted ©.