2009-02-25 14:53:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Չորեքշաբթի 25 փետրուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը նախ Սանդ Անսելմօ եկեղեցւոյ մէջ, կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը եւ ապա Սանդա Սապինա պազելիքային մէջ Ս. պատարագը. սկիզբ տալով՝ քառասնորդացի շրջանին։ 2009ի քառասնորդացին` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է Աստուծոյ ժողովուրդին հրաւիրելով զանոնք որ ՜՜ոչ միայն ծոմապահութիւն կատարեն այլ եւ բացուին եւ օգնութեան հասնին կարօտեալներուն՝՝։ Պատգամին բնաբանն է Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած հետեւեալ խօսքը. ՜՜քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմ պահելէ ետք Յիսուս անօթեցաւ՝՝: RealAudioMP3








All the contents on this site are copyrighted ©.