2009-03-13 13:08:20

Լուրեր հայ աշխարհէն

2009ին՝ Հայաստանի մէջ Զբօսաշրջութեան աճ ՝ 10 տոկոսով


Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանի համաձայն ՜՜2009ին՝ կ՝ակնկալուի դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկներու հոսքի 10 տոկոսով աճ մը՝՝։

2008ին Հայաստան այցելած է 588,000 զբօսաշրջիկ, ինչ որ ցոյց կու տայ 2007ի համեմատ ,94 տոկոսով աճ (510,000 մարդ) ։ Ապրեսեան նաեւ հաղորդած է, թէ կազմակերպուած զբօսաշրջութիւնը կազմած է ընդհանուր զբօսաշրջութեան 15-20 տոկոսը, իսկ մնացածը՝ անհատական այցելութիւններ են, որոնց մեծամասնութիւնը կազմած են սփիւռքի ներկայացուցիչներուն այցերը։

Ըստ Ապրեսեանի ՜՜զբօսաշրջութեան զարգացումը հետեւանք է Հայաստանի գրաւչութեան, գեղեցկութեան, ազգային ու պատմական հարուստ բազմերանգութեան, եզակի բնութեան, ժողովուրդի հիւրընկալութեան, ծառայութիւններու բարձր մակարդակին եւ, ամէնէն կարեւորը՝ աժան գիներուն՝՝։ Գալով Հայաստանի կառավարութեան, ան վերատեսութեան ենթարկած է Պետական Տուրքի Օրէնքը, ուստի, ներկայիս 21-օրեայ մուտքի արտօնագիրի համար կը վճարուի միայն 3000 դրամ։



Փարիզի մէջ Երեւանի պարտէզի բացում

Երէկ Փարիզի կեդրոնին մէջ ( 8-րդ թաղամասին մէջ)՝ Կոմիտասի արձանին ետին բացումը կատարուեցաւ Երեւանի պարտէզին։ Սոյն պարտէզը կառուցուած է նախաձեռնութեամբ Փարիզի քաղաքապետ՝ Պերթրան Տելանոէի ։ Պարտէզին անուանումը կրող՝ ցուցատախտակի հանդիսաւոր բացումը կատարեցին աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, Փարիզի քաղաքապետը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսա։



Լոյս Տեսած Է Թեհրանի հայոց ազգային միջնակարգ դպրոցների գիրքը

15 Մարտ 2009-ին , ՀՄԸՄ Կլէնտէյլի Արարատ մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՜՜Պատմութիւն Թեհրանի՝ Քուշեշ-Դաւթեան եւ Քուշեշ-Մարիամեան հայոց ազգային միջնակարգ դպրոցներու՝՝ անուան գրքի Գինեձօն-ներկայացումը, իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանի ու Օննիկ Հայրապետեանի կողմէ։

Գրքին մէջ համառօտ կերպով ներկայացուած են զոյգ դպրոցներու պատմականը, կրթական ծրագիրները, շարք մը տեսուչ-տեսչուհիներու ամփոփ կենսագրականը եւ նկարներ, նաեւ տրուած է ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու եւ առաջին ու հետագայ տարիներու աւարտողներու անուանացանկը՝ 1956-57 ուսումնական տարիէն մինչեւ 1995-96 տարեշրջանները։ Գիրքը, պատմական ու կրթամշակութային սկզբնաղբիւր մը կը հանդիսանայ հետագայ ուսումնասիրութիւններու համար, ինչպէս նաեւ ալբոմ-յուշամատեան մը իւրաքանչիւր ընթացաւարտի կամ հետաքրքրասէր անձերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.