2009-03-21 12:16:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Անկոլա


Շաբաթ 21Մարտ 2009, առաւօտուն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատարագ մատուցեց մայրաքաղաքի Ս. Պօղոս առաքեալի նուիրուած՝ տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ Անկոլայի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն, եւ աշխարհական ու եկեղեցական շարժումներուն անդամներուն ու կրօնուսոյցներուն։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, (ըսաւ նորին սրբութիւնը իր քարոզին մէջ)Պօղոս առաքեալը մեզի կը խօսի ողորմութեամբ լեցուն Աստուծոյ մասին, որ ինք անձամբ փորձարկեց։ Անոր վկայութիւնը կը կարդանք Տիմոթէոսին ուղղած թուղթին մէջ. Ստոյգ է այդ խօսքը եւ արժանի հաւատքի. Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ փրկելու համար մեղաւորները, որոնց առաջինն եմ։ Գթութիւն շնորհեց ինծի, որպէսզի նախ իմ մէջս յայտնէ իր համբերութիւնը եւ ապա դնէ զիս իբրեւ օրինակ անոնց որոնք պիտի հաւատան իրեն` յաւիտենական կեանքին համար։ Դարերու հոլովոյթին շատերը ընդունեցան Աստուծոյ շնորհքը։ Ես եւ դուն, անոնցմէ ենք որոնք կանչուեցան Յիսուսին հետեւելու։ Այս շնորհքին համար փառք տանք Աստուծոյ։ Եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ նորին սրբութիւնը, ուրախ եմ ձեր մէջ գտնուելու, մենք ամէնքս կանչուած ենք Աստուծոյ այգիին մէջ աշխատելու։ Գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ, որովհետեւ ձեր մէջէն յարոյց քահանայական կոչումներ եւ ձեր առաքելութեան շնորհիւ Աստուծոյ խօսքը կը ճանչցուի ու կը տարածուի։

Սիրեցեալ եղբայրներ, աշխատինք աւելի լաւ ճանչնալու յարուցեալ Տէրը։ Ինչպէս քաջատեղեակ էք. Յիսուս, կատարեալ մարդ, նաեւ ճշմարիտ Աստուած է։ Անով,(Քրիստոսով) Աստուած տեսանելի դարձաւ որպէսզի մենք մասնակցինք անոր աստուածութեան։ Մենք ամէնքս մէկ ենք Քրիստոսի մէջ։ Եղբայրներ, աշխատինք որ մեղաւոր մարդը ճանչնայ Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը։ Տէրը մեզ իր բարեկամները կոչեց, Ան մեզի կը վստահի, մեզի տուաւ իր մարմինն ու արիւնը Ս. Հաղորդութեան մէջ։ Մեզի յանձնեց իր եկեղեցին։ Մենք Յիսուսի ճշմարիտ բարեկամները կը դառնանք եթէ կատարենք իր կամքը։ Ան կանչեց մեզ հռչակելու իր Աւետարանը համայն մարդկութեան։ Իւրացնենք իր կամքը, Պօղոս առաքեալի նման ըսենք ՜՜եթէ Աւետարանը քարոզեմ ինծի համար որպէս պարտականութիւն մը, որ վրաս դրուած է. եւ վա՛յ ինծի եթէ Աւետարանը չքարոզեմ։

Իսկ յետ միջօրէին Նորին սրբութիւնը Լուանտա մայրաքաղաքի մարզադաշտին մէջ հանդիպում ունեցաւ երիտասարդութեան հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.