2009-03-23 12:57:19

լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն։


լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն։

2008ը Հնդկաստանի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու համար եղաւ մութ տարի մը։

2008ը ահաւոր տարի մը եղաւ Հնդկաստանի քրիստոնեաներուն համար, որոնք թիրախը հանդիսացան Ինդուներու անողորմ հալածաննքին, կը կարդանք Հնդկաստանի դաւանանքներու խորհուրդի 2008 տեղեկագիրին մէջ։ Վերոյիշեալ խորհուրդին յատուկ առաքելութիւնն է պահպանել, պաշտպանել ու օգնութեան հասնիլ փոքրամասնութիւններու։

Տեղեկագիրի տուեալներու համաձայն 106 յարձակում կատարուեցան քրիստոնեայ անձերու ու հաստատութիւններու դէմ երկրի 16 նահանգներու մէջ։



Տանեմարքան – կիրակի օրը պէտք է մնայ յատուկ օր մը կը յայտարարէ Եւրոպայի քրիստոնեաներու խորհուրդը։

Եւրոպայի քրիստոնեաներու խորհուրդը, որ կը ներփակէ օրթոտոքս, բողոքական եւ անկլիքան 120 եկեղեցիները խնդրած է Եւրոպայի միութենէն որ պաշտպանէ կիրակի օրը որպէս շաբաթական հանգստեան օր, մինչ Եւրոպական միութիւնը ու միջազգային կազմակերպութիւնները մտադիր են վերատեսել աշխատանքի դրութեան եղանակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.