2009-03-28 11:50:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ՝ ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ։ Շաբաթ, 28 մարտէն- կիրակի, 29 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին Իտալիան եւ Եւրոպան պիտի անցնին ամառնային ժամանակացոյցի։ Հետեւաբար, ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ։



27 մարտին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան շրջանի տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու փոխադրութեան նախարարներու հանդիպումը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպայի եւ Սեւծովեան շրջանի միջեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ապահովման առնչուող ծրագիրներ։Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի նախագահութեամբ կայացած այս հանդիպման ընթացքին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ 12 երկիրներէն կը բացակայէին միայն երկու երկիրներ՝ Ալպանիա եւ Ազրպէյճան։ Ըստ Նոյեան Տապան լրատու գործակալութեան , Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ հանդիպման ընթացքին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան օղակաձեւ մայրուղիի կառուցման, Սեւծովեան շրջանին մէջ ուղիներու մշակման, շրջանին մէջ բեռնա-փոխադրումներու դիւրացման հայողհարցեր քննարկուած են



Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի նիստը տեղի պիտի ունենայ 30-31 մարտին Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ։

Այլ կէտերու շարքին, նիստին օրակարգին վրայ է Հայաստանի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի բանաձեւերուն պահանջներու կատարման հարցը։ Ըստ նիստի օրակարգի նախագիծին, Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները տեղեկատուութիւն պիտի ներկայացնեն Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի՝ 1643 բանաձեւի պահանջներու կատարման մասին։ Նշենք, որ նիստին աշխատանքներուն պիտի մասնակցին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի անդամներ Արմէն Ռուստամեան, Աւետ Ադոնց եւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան։



Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Կերնոտ Էրլըր՝ Գերմանիոյ խորհրդարանի գերմանա-հարաւկովկասեան խորհրդարանական խումբի նախագահ, պատամաւոր Շտեֆֆըն Ռայխէի հետ 29-31 մարտին Հայաստան պիտի այցելէ։ Է. Նալբանդեանի եւ Կ. Էրլըրի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 30 մարտին։



ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀՐԱՄԱՆՈՎ ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻԻ ՄԵՏԱԼ՝ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԻ։

Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր մը ստորագրեց թատերական արուեստի բնագաւառին մէջ աւանդ ու ներդրում ունեցող խումբ մը արուեստագէտներ պարգեւատրելու եւ անոնց պատուաւոր կոչում տալու վերաբերեալ։ Արուեստի բնագաւառին մէջ ծառայած եւ իրենց դրոշմը դրած գործիչներու կարգին Մովսէս Խորենացիի մետալին արժանացաւ լիբանանահայ շարք մը թատերախումբերու գեղարուեստական ղեկավարը, վաստակաշատ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան։



ՊՈԼԻՍ-Պոլսահայ Հաւատացեալները Իսքէնտէրունի Մէջ։

Ամէն տարի Մարտ ամսույն կը կազմակերպուի ուխտագնացութիւն մը դէպի Կեսարիա, իսկ անկէ ալ դէպի Հաթայ-Իսքէնտէրուն, ուր կը գտնուի պատմական Քառասուն Մանկանց եկեղեցին։ Այս տարի կը նշուի եկեղեցւոյ 137ամեակը, որուն առիթով, Պոլսոյ զանազան թաղերէն հաւատացեալներ՝ թիւով մօտաւորապէս 150 հոգի, տէր Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեանի առաջնորդութեամբ, այցելեցին նախ Կեսարիոյ Ս. Գրգիոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ապա անցան Հաթայ, ուր՝ կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ 137րդ տարեդարձը։ Ս. Պատարագը մատոյց Զաքէոս Ծ. վարդապետը՝ իրեն ընկերակցող քահանայ հայրերու մասնակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.