2009-05-23 13:19:11

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԽՐՈՒԱԹԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՍԹԵՓԱՆ ՄԵՍԻՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Հայաստան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Խրուաթիոյ նախագահ Սթեփան Մեսիչ։ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան հիւրի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Սթեփան Մեսիչի հանդիպումը։ Հանդիպման ընթացքին Խրուաթիոյ նախագահը ըսաւ ՝՝Այսօր առաւօտեան ես այցելեցի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթող եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ հասկցայ, թէ 20-րդ դարասկիզբին ի՛նչ մեծ ողբերգութիւն տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին համար՝՝։ Ան նաեւ աւելցուց, որ նման զարհուրելի յանցանքներ պէտք չէ կրկնուին, եւ անհրաժեշտ է պատմութենէն դասեր քաղել։ Հանդիպման աւարտին երկու նախաահները ունեցան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը։

ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր, որքանո՞վ արդարացուած է ՀՅԴ-ի համաձայնական կառավարութենէն դուրս գալը,յայտարարեց ՝՝համաձայնական կառավարութենէն մեր դուրս գալը սխալ չէր։ Սահմանները պիտի չբացուին։ Կարելի չէ ֆութպոլային դիւանագիտութեան զոհ երթալ։ Այսօր, ըստ էութեան, Թուրքիոյ կարելիութիւն կը տրուի, որ իր միջազգային պարտաւորութիւնը իր իրաւունքին վերածէ՝՝։

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԲԵՐԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ'ԸՆԷ ՓԵԼՈԶԻԻՆ։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուրբաթ, Մայիս 22 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քրիստոսի Եկեղեցիներու Ազգային խորհուրդը նամակով մը կոչ ըրած է Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նէնսի Փելոզիին, որպէսզի յաւելեալ աշխատանք տանի Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւը օրակարգի բերելու եւ անոր վաւերացումը ապահովելու նպատակով: 45 միլիոն հետեւորդներ ունեցող աւելի քան 100,000 եկեղեցիներ ներկայացնող այս կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար պատուելի դոկտ. Մայքըլ Քինամոն, նամակին մէջ կը յիշէ ՝՝Քրիստոսի եկեղեցիներու ազգային խորհուրդին կողմէ 2007ին վաւերացուած բանաձեւը՝՝։ Ան իր նամակին մէջ կ՛աւելցնէ նաեւ թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց իսկական բարելաւման համար, Միացեալ Նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները պէտք է 1915ի ջարդերուն մասին արտայայտուելու ընթացքին գործածեն «միջազգային օրէնքին կողմէ սահմանուած յարմար բառը՝ Ցեղասպանութիւնը»: 1950ին հաստատուած Քրիստոսի Եկեղեցիներու Ազգային խորհուրդի նախագահ Վիգէն արք. Այգազեան եւս իր յուսախաբութիւնը արտայայտած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճշգրտօրէն չբնուդագրելու նախագահ Պարաք Օպամայի կեցուածքին նկատմամբ, աւելցնելով, որ իր ընտանիքին կէսը զոհ գացած էր մարդկային այդ ողբերգութեան:Նշենք թէ Նիւ Եորք հաստատուած այս կազմակերպութիւնը կարեւոր աշխատանք կը տանի միջ-եկեղեցական գործակցութիւն ապահովելու համար: Փելոսիի ուղղուած Քրիստոսի Եկեղեցիներու Ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ/a>

կայքէջին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.