2009-07-12 15:35:28

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում



Կիրակի, յուլիս 12, Զ. կիրակի զկնի Պենետեկոստէի, բարեկենդան եւ պահք Վարդավառի։

Ընթերցում ս. Մատթէոսի Աւետարանէն, 14 գլուխ, 13-21 համարները։



ՀԻՆԳ ՀԱՑԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՁՈՒԿԵՐՈՒ ԲԱԶՄԱՑՈՒՄԸ

Յիսուս այդ լսելով, նաւակով մը հեռացաւ ատկէ եւ ամայի տեղ մը առանձնացաւ։ Բայց երբ (ա՛յդ) իմացաւ ժողովուրդը, շրջակայ քաղաքներէն, քալելով, շատե՛ր գացին անոր ետեւէն։

Երբ Յիսուս (ցամաք) ելաւ, տեսաւ, որ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր եւ սիրտը շարժելով՝ բժշկե՛ց անոնց բոլոր հիւանդները։ Իրիկուան դէմ, իրեն եկան աշակերտները եւ ըսին Ամայի տեղ է հոս եւ մթնելու վրայ է արդէն, ճամբէ՛ ժողովուրդը, որ շրջակայ գիւղերը երթան եւ իրենց ուտելիք գնեն։ Յիսուս ըսաւ Ամենեւի՛ն պէտք չունին երթալու, դո՛ւք ուտելիք տուէք անոնց։ Անոնք ըսին Հոս չունինք մենք ո՛չ մէկ բան, բայց հինգ հաց միայն եւ երկու ձուկ։ Եւ ըսաւ անոնց Հո՛ս բերէք ատոնք։ Ապա հրամայեց, որ խոտի վրայ նստեցնեն ժողովուրդը եւ հինգ հացերն ու երկու ձուկերը առնելով՝ երկինք նայեցաւ, օրհնեց, կտորներու բաժնեց, աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին բաժնեցին։

Բոլորը կերան ու կշտացան եւ տասներկու լեցուն սակառներո՛վ վերցուցին կտորուանքներուն աւելցուկները։ Իսկ կերողները՝ առանց կիներն ու մանուկները հաշուելու, շուրջ հին հազար մարդիկ էին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.