2009-10-14 14:44:02

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն

ԵՐԵՒԱՆԸ՝ 2791 ՏԱՐԵԿԱՆ

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Հայաստանի մէջ մեծ շուքով կը տօնուի Երեւանի տարեդարձը։ Մայրաքաղաքի տարբեր մասերուն մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ տօնակատարութիւններ, ինչպէս բեմականացումներ, եւ համերգներ ու նաեւ այլ ձեռնարկներ։

Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Հանրապետութեան հրապարակէն՝ տօնական փառաշուք մթնոլորտով։

Տօնական համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայաստանեան աստղերը, ինչպէս նաեւ հանրայայտ երգիչ Ատրիանօ Չելենտանոն։

Երեւանի 2791-րդ տարեդարձին առիթով իրենց շնորհաւորանքները ուղղեցին Մոսկուայի, Լոս Անճելըսի, Պրատիսլաւայի, Թեհրանի, Պէյրութի եւ շարք մը ուրիշ քաղաքներու քաղաքապետերը։



ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ Ե. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հոկտեմբեր 15-19 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մանկապատանեկան ժապաւէններու հինգերորդ միջազգային փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին մշակոյթի եւ արուեստի անուանի գործիչներ, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունեցած են համաշխարհային շարժապատկերի արուեստի զարգացման մէջ։

Յայտնենք, որ փառատօնին ընթացքին պիտի ներկայացուի 65 ժապաւէն՝ 27 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան շարք մը յոբելենական միջոցառումներ եւ հանդիպումներ՝ Հայաստանի արուեստի գործիչներու հետ։

Փառատօնի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ փառատօնին նպատակն է մանուկներուն եւ պատանիներուն ծանօթացնել արուեստի բարձրորակ գործերու՝ նպաստելով համաշխարհային մշակոյթի հետ անոնց հաղորդակցման, ինչպէս նաեւ ապահովել մտքերու եւ փորձի փոխանակում՝ հայ եւ օտար շարժապատկերի մարզի մէջ աշխատողներու միջեւ։

Սոյն փառատօնը պիտի կազմակերպուի մանուկներու եւ պատանիներու համար շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի զարգացման Ռոլան Պիքով հիմնադրամին միջոցներով եւ աջակցութեամբը՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.