2010-01-05 14:01:37

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի Օրհնութեան խօսքը Ամանորի եւ Յիսուսի Ծննդեան Տօնին առիթով


Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի Օրհնութեան խօսքը Ամանորի եւ Յիսուսի Ծննդեան Տօնին առիթով

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Ողջոյնի եւ օրհնութեան մեր արտայատութիւնը կը բերենք ձեզի։ Բարի սպասումներով դիմաւորենք Տիրոջ 2010 թուականը։

Քիչ ետք կը հնչեն տարեմուտի ղօղանջները, իսկ հին օրէն մեր հոգիները, պէտք է զօրանան մեր Տիրոջ Ս. Ծննդեան Աւետիսով, հրեշտակներուն՝ ՜՜յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն՝՝ օրհներգութեամբ։ Երկնաձայն այս մաղթանքով սկիզբ կառնէ և կ՝առաջնորդուի նոր տարին, մեր և քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ։

Սիրելիներ, ամէն նոր տարի, իբրև սկիզբ կ՝ընկալուի մեզմէ իւրաքանչիւրին մտքին և հոգիին մէջ ։ Սկիզբը յոյս է, նորը ստեղծելու, մեր մտածումներն ու մեր ձգտումները մարմնաւորելու եւ մեր կեանքի ընթացքը բարեփոխելու։

Այսօր մեզի համար քաջալերիչ են ձեռքբերումները, որ ունեցանք նախորդ տարի ՜՜հոգևոր և ազգային մեր կեանքին մէջ՝՝։ Գոհութիւն Բարձրեալին, խաղաղութեան մէջ մեր եկեղեցիներէն պաշտամունք և աղօթք բարձրացուցինք Տիրոջ, առիթներ ունեցանք ուրախանալու մեր սրբատեղիներու նորոգութեան և կառուցման ընթացքներով, մեր ժողովուրդի հոգևոր կրթութեան յաջողութիւններով, հոգևորականներու ձեռնադրութիւններով։ Լաւատեսութեամբ համակուեցանք Հայրենի մեր պետութեան իրագործած ծրագրերով և ձեռնարկուող բարեփոխումներով, Հայրենիքին ու Սփիւռքի մէջ ազգային մեր կեանքի արգասիքներով, որոնցմով շէն կը մնայ, բարի յոյսով կը լեցուի և կը բարենորոգուի մեր ներկան ։ Յուսառատ ենք, որ նոր տարուայ մէջ, հակառակ տնտեսական ճգնաժամի բերած դժուարութիւններուն, նոր առաջընթաց պիտի ապրի մեր Հայրենիքը և մեր ողջ ժողովուրդի կեանքը Սփիւռքի մէջ։ Բարօր և բարգաւաճ կեանքի կառուցման, ինչպէս և ազգային իղձերու իրագործման համար անհրաժեշտ է մեր ջանքերու միաւորումը, առ հայրենին անմնացորդ սէրն ու նուիրումը։ Ազգ ու պետութիւն համախմբուած՝` ջանքեր պիտի գործադրենք յաղթանակի առաջնորդելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հարցի խաղաղ կարգաւորումը՝ Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքի ճանաչումով։ Մեր պատմութեան և սերունդներու առջև պատասխանատուութեամբ ջանքեր պիտի գործադրենք նաև հայ-թուրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացքներու մէջ։ Խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը եղած են ու կը մնան սկզբունքային արժէքներ մեր ժողովուրդի համար, որոնց ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելով՝` հաստատուն պիտի մնանք մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան դիրքերու մէջ։ Մեր գերագոյն նպատակը Հայրենիքի և մեր Եկեղեցւոյ, հոգևոր և ազգային մեր կեանքի, մեր հաւատքի պայծառութիւնն է, որ ամէն ժամ կը վկայուի գործերով, սիրով ու արդարութեամբ իրարու հանդէպ։ Սիրելիներ, տարեմուտի սեմին մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած և հայցենք կարօտեալներուն աջակցութիւն, վշտացեալներուն` մխիթարութիւն եւ հիւանդներուն՝` ապաքինում։ Հայցենք նոր յաջողութիւններ, նոր ձեռքբերումներ ու յաղթանակներ մեր ժողովուրդին։ Դիմաւորենք նոր տարին լաւատեսութեամբ, մեր յոյսերն ու տեսիլքները իրագործելու հաւատքով։ 2010 թուականը նշանակալի դարձնենք ազգային մեր կեանքին մէջ՝` ի սէր մեր օրհնեալ գալիքի։ Եւ թող տօնականութեամբ սկսող նոր տարին, ըլլայ փառքով լուսազարդ, բարիքով առատ, արդար ու բարի գործերով պայծառ նոր ընթացք մեր կեանքի։

Թող Հայր Աստուծոյ սէրը, Քրիստոսի մեր Տիրոջ շնորհքն ու Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութիւնը ըլլան մեզ հետ այսօր և միշտ ամէն։ Շնորհաւոր նոր տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.