2010-01-10 10:05:55

il vangelo della domenica


RealAudioMP3 կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 10 յունուար 5րդ օր յայտնութեան:

Ընթերցում Ս. Յովհաննէսի Աւերարանէն առաջին գլուխ, 18-28 համարները։



Ընթերցուած Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

18 ԶԱստուած ոչ ո՛ք տեսած է երբեք, սակայն Միածին Որդին, որ Հօր ծոցի մէջն է, ա՛ն՝ պատմած է մեզի։

19 Եւ այս է Յովհաննէսի վկայութիւնը, երբ հրեաները, Երուսաղէմէն, քահանաներ եւ Ղեւտացիներ ղրկեցին իրեն քով, որ հարցնեն իրեն, թէ Ո՞վ ես դուն

20 (Յովհաննէս) խոստովանեցաւ եւ չուրացա՛ւ, (այո՛), խոստովանեցա՛ւ թէ ես չեմ Քրիստոսը։

21 Երբ հարցում ըրին իրեն Իսկ դո՞ւն ով ես, Եղիա՞ն ես, պատասխանեց Ո՛չ, (ա՛յդ ալ) չեմ։ Երբ հարցուցին Իսկ մարարէ՞ն ես դուն, պատասխանեց, Ո՛չ։

22 Ուրեմն ըսէ մեզի, ո՞վ ես դուն, որպէսզի պատասխան տանիլ կարենանք անոնց, որ մեզ ղրկեցին։ Դուն ի՞նչ կըսես քեզի համար։

23 Ան ըսաւ Ես այն ձայնն եմ, որ անապատի մէջ կը ոչէ (եւ կըսէ) Հարթեցէ՛ք Տիրոջ ճամբաները ինչպէս Եսայի մարարէն ըսած է ։

24 Այդ փարիսեցիներէն ղրկուածները

25հարցուցին անոր եւ ըսին Իսկ ինչո՞ւ կը մկրտես, քանի որ ո՛չ Քրիստոսն ես, ո՛չ Եղիան եւ ոչ ալ մարարէն։

26 Յովհաննէս պատասխանեց եւ ըսաւ Ես՝ ջուրո՛վ կը մկրտեմ ձեզ, բայց մէ՛կը կայ ձեր մէջ, զոր չէք ճանչնար,

27 որ ինծմէ ետք պիտի այ եւ ես անոր կօշիկի կապե՛րն անամ քակելու արժանի չեմ։

28 Այս դէպքը Բեթաբրա, Յորդանանի միւս կողմ պատահեցաւ, ուր Յովհաննէս կը մնար եւ կը մկրտէր։








All the contents on this site are copyrighted ©.