2010-01-16 14:08:06

Արամ Ա.կաթողիկոս Իշխանի շքանշանով պարգեւատրեց Յունաստանի նախագահ Քարլոս Փափուլիասը


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա, ընդառաջելով Համայն Յունաստանի հոգեւոր պետ Հերոնիմոս Բ արքեպիսկոպոսին հրաւէրին, պաշտօնական այց կը կատարէ Յունաստան։ Այս առթիւ Աթէնքի նախագահական ապարանքին մէջ վեհափառը հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի հետ, ներկայութեամբ՝ Յունաստանի եկեղեցւոյ պետ Հերոնիմոս Բ արքեպիսկոպոսին, եւ հայ ու յոյն բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութեան։

Վեհափառը ողջունեց նախագահ Քարոլոս Փափուլիասը ու անոր փոխանցեց Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանի բարեմաղթութիւնները, եւ անդրադարձաւ քանի մը էական հարցերու ինչպէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան կարեւորութեան համայն քրիստոնեայ աշխարհին համար։ Քրիստոնէութեան ծննդավայրին մէջ անոր ամուր պահպանումը եւ մանաւանդ իսլամութեան հետ գոյակցութիւնը, որը միջկրօնական առումով անհրաժեշտութիւն մըն է, նաեւ խօսեցաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու դարաւոր կապերուն ու պատմութեան ընթացքին արձանագրուած բարեկամական յարաբերութեանց մասին եւ Յունաստանի հայ գաղութին մասին։ Վեհափառը հաւաստիացուց, որ հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց ապրած երկիրներու լիիրաւ քաղաքացիներն են, իսկ եւրոպական ցամաքամասին վրայ՝ Յունաստանի մէջ, ամբողջութեամբ շաղուած երկրի ժողովուրդի կեանքին ու մշակոյթին՝ պահելով հանդերձ իրենց ազգային աւանդութիւնները, կը ջանան իրենց պատկանած երկրին կեանքը ծաղկեցնել, իրենց արդար վաստակով ու քաղաքացիական պարտաճանաչութեամբ։

Հանդիպման աւարտին վեհափառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Իշխանի շքանշանով պարգեւատրեց նախագահը։ Իսկ նախագահը վեհափառին նուիրեց Աւետարանի թանկարժէք ոսկեպատ կողք մը։ Այս հանդիպումին վեհափառին կողքին ներկայ էին Յունահայոց առաջնորդ Խորէն եպս Տողրամաճեան, Կոմիտաս արք Օհանեան, Նարեկ եպս Ալեէմէզեան, Մասիս վրդ Զօպույեան, Մեսրոպ աբղյ Սարգիսեան եւ Յունաստանի թեմի Ազգային վարչութեան անդամներ։

Նախագահին հետ հանդիպումէն առաջ, վեհափառը նախ ուղղուեցաւ Աթէնքի առաջնորդանիստ եկեղեցին, ուր կատարեց կանոնական աղօթք։ Վեհափառը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն Լիբանանի դեսպանատան տուած ճաշկերոյթին։

Իսկ այսօր՝ շաբաթ, 16 յունուար 2010-ի ժամը 11-ին, վեհափառը հանդիպում ունեցաւ Աթէնքի քաղաքապետին հետ, քաղաքապետարանին մէջ։ Ապա, Յունաց արքեպիսկոպոս Հերոնիմոս սրբազանին հետ եւ երեկոյեան, Գոքինիոյ Ս Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն, որուն ընթացքին վեհափառը իր հայրական պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ժամերգութեան պիտի յաջորդէ աջահամբոյր՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.