2010-03-02 16:35:26

Հայ կնոջ տարի Հայ կինը որպէս մտաւորական


Հայ կնոջ տարի Հայ կինը որպէս մտաւորական



Հայ կինը որպէս մշակութային արժէքներու ջատագով միշտ մնացած է լուսարձակի տակ մեր ողջ պատմութեան ընթացքին։ Իշխանական ու ազնուական տոհմերու պատկանող տիկիններու մեկենասութեամբ գրի առնուած բազմաթիւ ձեռագիրները, անոնց բարերարութեամբ բարձրացած եկեղեցիները եւ թելադրութեամբ պատրաս-տըւած խաչքարերը, ակնյայտ իրականութիւններ են։ 18-րդ դարէն սկսեալ եւ մանաւանդ Զարթօնքի շրջանին, հայ կինը կարեւոր նպաստ բերաւ գրականութեան ծաղկման։ Կնոջ կրթութեան, ազատութեան ու հաւասարութեան դատին շեփորահարները դարձան Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան եւ ուրիշներ։ Հայ թատրոնը եւ երաժշտութիւնը եւս, ինչպէս արուեստի այլ բնագաւառներ, մեծ նուաճումներ արձանագրեցին, ազգային թէ միջազգային չափանիշերով, իգական սեռի մեծաթիւ ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.