2010-03-03 14:25:31

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


Լուրեր հայ եկեղեցիէն

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատուն։

Հռոմ –Իտալիա

Երկուշաբթի, 1 Մարտ 2010-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդները, այցելեցին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատուն։

Հայաստանի դեսպան՝ պրն. Ռուբէն Կարապետեանին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են դեսպանութեան ու իտալահայ համայնքին, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացքին վերաբերող հարցեր։

Պրն. Կարապետեան դեսպանութեան պատրաստակամութիւնը յայտնած է իտալահայութիւնը համախմբերլու պետական եւ ազգային առաջնահերթ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ, կարեւոր նկատելով Իտալիոյ մէջ գտնուող փոքրաթիւ հայ համայնքի միացեալ աշխատանքը եւ անոր դերակատարութիւնը։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը աջակցութիւն յայտնած է դեսպանութեան ծրագիրներու իրականացման եւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան առջեւ դրուած խնդիրներու իրականացման գործին մէջ։

Տանն ԿիլիկիոյՄոսկուայի և Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիրիլ Ա. պաշտօնական այց կը կատարէ Հայաստան։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 2 Մարտ 2010-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ գումարուած է Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդի նիստ, որու ընթացքին նշուած է թէ վեհափառին հրաւէրով 16-18- մարտ Մոսկուայի և Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիրիլ Ա. պաշտօնական այց կատարէ Հայաստան։

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ 16 Մարտին տեղի պիտի ունենայ Կիրիլ պատրիարքի բարիգալստեան արարողութիւն, ապա համաձայնագիր պիտի կնքուի` Սերգիեւ Պոսադ և Էջմիածին քաղաքներու միջեւ որպէս քոյր քաղաքներ:

Այնուհետև երկու հովուապետերը ծաղկեպսակ պիտի դնեն 1826-1828 թուականներուն. ռուս-պարսկական պատերազմի ընթացքին զոհերուն յուշակոթողին առջեւ որ կը գտնուի Էջմիածնէն դէպի Օշական ճանապարհի վրայ: Մարտ 17-ին կը նախատեսուի այցելութիւն՝ Ծիծեռնակաբերդ ու Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, և ծառատունկ՝ «Յիշողութեան» պուրակին մէջ: Նոյն օրը երկու հոգեւոր պետերը պիտի այցելեն Քանաքեռի Սուրբ Աստուածածին ռուսական եկեղեցին, հանդիպում ունենալու՝ Հայաստանի ռուսական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ապա Երևանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, պիտի կատարուի գոհաբանական աղօթք: Մարտ 17-ին երկու Եկեղեցիներու պետերը հանդիպում պիտի ունենան նաև ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Մարտ 18-ին ծրագրուած է Երևանի ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւն, գիրքերու հայերէն թարգմանութիւններու շնորահանդէս Երևանի պետական համալսարանին մէջ և երկու գահակալներու հանդիպում ուսանողներու, մտաւորականներու և լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Նոյն օրը Մայր Աթոռի մէջ համատեղ յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք հրաժեշտի արարողութեամբ՝ պիտի աւարտի Մոսկուայի և Համայն Ռուսիոյ պատրիարքին այցը Հայաստան:








All the contents on this site are copyrighted ©.