2010-05-10 13:11:43

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ժընեւի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը պիտի կառուցուի։

Զուիցերիոյ իշխանութիւնները Ժընեւի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի մը շինարարութեան համար մրցում յայտարարած են։ Հարիւր հազար զուիցերիական ֆրանք մրցանակային ֆոնտ ունեցող՝ մրցումին մասնակցելու համար, դիմած են հայ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող վեց քանդակագործներ։

Ժընեւի հայ համայնքը իր կարգին յայտարարած է, որ յուշակոթողի շինարարութեան համար պատրաստ է տրամադրել 400 հազար զուիցերիական ֆրանք։



Հայկական Եկեղեցի՝ Ի Յիշատակ Հայրենական Մեծ Պատերազմի Մասնակիցներուն։

Մոսկուայի քաղաքապետ Եուրի Լուժքովի հրամանով, ի յիշատակ Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակցած հայերուն, Մոսկուայի մէջ կը կառուցուի հայկական եկեղեցի մը, որուն աշխատանքները կը ղեկավարէ փրոֆ. Հրանդ Պօղոսեանը։ Վերջինիս հաւաստումով, Մոսկուայի մէջ արդէն կան համաշխարհային պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած ռուսական, հրէական եւ ատրպեճանական կրօնական կոթողներ:

Եկեղեցւոյ ներքնայարկին մէջ պիտի բացուի Հայրենական պատերազմին հայերուն մասնակցութիւնը ներկայացնող թանգարան մը, ուր պիտի պահուին եւ ցուցադրուին գիրքեր, անձնական իրեր, լուսանկարներ եւ այլն:

Հայկական ճարտարապետութեան աւանդոյթներով նախագծուած եւ կառուցուող այս եկեղեցին ու թանգարանը պիտի արժեւորեն մեր ժողովուրդի հերոսական անցեալն ու խիզախ ոգին:



Ֆրանսայի Պօղոս Նուպար Գրադարանի Պարբերաթերթի Վերջին Թիւը Նուիրուած Է ԼՂՀին

ՓԱՐԻԶ.- Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Պօղոս Նուպար» գրադարանի նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսայի մէջ ֆրանսերէնով լոյս տեսած է «Ժամանակակից հարցերու հայկական հանդէս»ի 11րդ թիւը: Անիկա ամբողջութեամբ նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղին, անոր դիմաց ծառացած խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ղարաբաղա-ատրպեճանական հակամարտութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.