2010-07-08 13:03:58

ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԷՆ


ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԷՆ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ` ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ
3 - 5 յուլիս Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ ,Արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը սփիւռքի մէջե համահայկական համագումարը՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ։ Համագումարին մասնակցած են սփիւռքի զանազան գաղութներէ արեւմտահայերէնի մասնագէտներ։
Համագումարին մասնակիցները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ուր ի միջի այլոց անոնք կը նշեն.
՝՝Հաստատում ենք մեր վճռականութիւնն արեւմտահայերէնի դասական ուղղագրութեամբ միասնական դասագրքերի համակարգման ուղղութեամբ, որի համար անհրաժեշտ ենք համարում ըստ կրթական մակարդակի սփիւռքի մասնագէտների եւ մանկավարժների հետ համագործակցութեամբ ստեղծել մասնագիտական յանձնախմբեր, ինչպէս նաեւ համակարգող խորհուրդ։
Մենք՝ 2010 թուականի յուլիսի 3 - 5-ը Ծաղկաձորում անցկացուած համահայկական համաժողովի մասնակիցներս, մեր պատրաստակամութիւնն ենք յայտնում այսուհետ զբաղուելու համաժողովում բարձրացուած խնդիրների լուծման աշխատանքներով՝ մշակելով համապատասխան ծրագիր։
Կոչ ենք անում սփիւռքեան եւ հայաստանեան բոլոր կառոյցներին, գլխաւոր հիմնախնդիր համարել հայապահպանութիւնը սփիւռքում եւ յատկապէս հայ դպրոցի պահպանումն ու զարգացումը, ինչպէս նաեւ հետեւողականօրէն նպաստել արեւմտահայերէնի՝ որպէս ազգային արժէքի պահպանմանը եւ զարգացմանը՝՝։

ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ 770-րդ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՊԻՏԻ ՏՕՆՈՒԻ ։

2010 թուականը հռչակուեցաւ Արցախի մէջ Գանձասարի Տարի,հայ ճարտարապետական կոթողներէն մէկուն Գանձասարի Սուրբ Մկրտիչ Եկեղեցւոյ օծման 770-րդ տարեդարձի առիթով։ Եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է 22 Յուլիս 1240-ին Վարդավառի Տօնին առթիւ։ Աղուաններու Կաթողիկոսանիստ ըլլալուն պատճառով 100 տարուան ընթացքին շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Արցախի հոգեւոր ու ազատագրական կեանքին մէջ։
Այս առիթով կազմուած է կառավարական յանձնախումբ մը որ արդէն իսկ տօնական միջոցառումներու նախապատրաստութիւն կատարած է։ Այդ շրջանին մէջ գրքոյկներու, ժապաւէններու, տեսահոլովակներու պատրաստութիւն եւ շքանշանի տուուչութիւն կը նախատեսուի։ Ուխտագնացութիւններ , լուսանկարներու,գեղանկարներու եւ Գանձասարի պատկանող սրբապատկերներու ցուցահանդէսներ պիտի կազմակերպուին։ Հանրապետութեան կրթօճախներու մէջ շարադրութիւններու մրցոյթ եւ հոգեւոր երգերու փառատօներ պիտի կատարուին,որուն ընթացքին նաեւ Եկեղեցւոյ սպասաւորները կրթօճախներ պիտի այցելեն,իսկ նախադպրոցական հիմնարկներուն մէջ մկրտութիւններ պիտի կատարուին։







All the contents on this site are copyrighted ©.