2010-11-24 12:11:01

Վատիկանի մէջ Իրագի զոհերու նուիրուած Սուրբ Պատարագ


25 նոյեմբերին Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը նուիրուած Պաղտատի Սայետէդ էլ Նաժադ եկեղեցւոյ` անցեալ 31 հոկտեմբերի ահաբեկչական արարքի զոհ եղող քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն հոգւոյն։Կարտինալին հետ կը համապատարագէ Եուսէֆ Գ Եունան` Անտիոքի Ասորիներու Պատրիարքը որ Հռոմ ժամանած է այցելելու վիրաւոր հաւատացեալներու խումբ մը որոնք Հռոմի Ակոսդինո Ճէմէլլիի հիւանդանոցը փոխադրուած են դարմանումներ ստանալու նպատակով։
Այս Սուրբ Պատարագը, յայտարարած է Կարտինալ Սանտրին, հոգեւոր մօտիկութեան նշան մըն է Իրագի քրիստոնեներուն որոնք տակաւին կը հաւատան համերաշխ ապրելու կարելիութեան, վկայելով նաեւ թէ զոհուած հաւատացեալներուն արիւնը դառնայ խաղաղութեան հունտ մը այն տարապեալ երկրի հողատարծքին վրայ։
Ահաբեկչական արարքի զոհերու թիւն է` 58 մեռեալ եւ 80 վիրաւոր որոնց շարքին կան նաեւ 3 քահանաներ։
Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդ Գերապայծար Գրիգոր Ղապրոյան եւ Գերապայծառ Օգոստինոս Գուսան Առաջնորդը Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմին։







All the contents on this site are copyrighted ©.