2010-11-28 13:44:05

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։
կիրակի 14 նոյեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Այսօր Յիսնակաց առաջին կիրակին է։ Յիսնակացը մեզի կը յիշեցնէ թէ Յիսուս Քրիստոս, յաւիտենապէս ներկայ մեր կեանքին մէջ, մեզի համար կը կատարէ Փրկչագործութիւնը Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ընդմէջէն։ Այս օրերուն որ մասնաւորապէս կ'աղօթենք ծնող կեանքին պաշտպանութեան համար, թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, որ իր ծոցին մէջ հիւրընկալեց Աստուծոյ Բանը, օգնէ մեզի բանալու մեր սրտերը Որդւոյն լոյսին, որ կ'ուզէ համայն մարդկութիւնը փրկել։
գլխաւորեցի Յիսնակաց շրջանի երեկոյեան ժամասացութիւնը, ի պատրաստութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան։
Ծննդեան պատրաստութիւնը բարեբեր ժամանակ է հայցելու Տիրոջ պաշտպանութիւնը կեանքի եկող արարածներու, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու Կեանքի Տիրոջ։
Յիսնակացով սկիզբ կ'առնէ ծիսական տարւոյն առաջին հանգրուանը, որ պատրաստութիւն մըն է Տիրոջ գալստաեն մեր մօտ։ Ամէն ծիսական հանգրուան ինքնիրեն հետ կը բերէ իւրայատուկ շնորհք, որովհետեւ Տիրոջմէն օրհնուած է։ 2010ի Յիսնակացը մեզի առիթ կու տայ փորձարկելու մօտիկութիւնը Անոր որ աշխարհը ստեղծեց, որ պատմութիւնը կ'առաջնորդէ ու մեզ կը խնամէ։ Յայտնութեան գիրքին հետ բացականչենք ''Եկուր, Տէր Յիսուս''։
Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները հետեւելու Ս. Կոյս Մարիամի օրինակին, միշտ հաստատ մնալով հաւատքին մէջ ի գին ամէն դժուարութիւններու։ Բարի կիրակի ամէնուդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.