2010-12-13 13:37:01

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի 9-րդ շրջանի վերադատ ատեանին որոշումը ՝ թոյլ կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներուն ՝՝հատուցում ստանալ՝՝ ապահովագրական ընկերութիւններէ։


՝՝Ամերիկայի բոլոր հայերուն անունով մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք պաշտպանեցին մեր վերաքննիչ բողոքը՝՝ ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ 9-րդ շրջանի վերադատ ատեանը վերատեսութեան ենթարկելէ ետք չեղեալ նկատած է 2009-ին տուած իր այն որոշումը, որ կը բեկանէր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն կողմէ՝ իրենց անտեսուած իրաւունքներուն վերատիրանալու համար օտար ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ դատական հարց յարուցելու Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնքը։ Վերադատ ատեանը իր տուած որոշումը հիմնաւորած է հաստատելով որ հայերու պահանջները սահմանադրական են եւ չեն հակասեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան։
Նշենք, որ 2000-ին Քալիֆորնիա ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն՝ ապահովագրական ընկերութիւններէն ՝՝փոխ-հատուցում ՝՝ ստանալու իրաւունքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.