2010-12-20 16:47:29

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Սկաուտական Վերամուտին Առիթով Հանդիսաւոր Արարողութիւն։


ՀՄԸՄ Անթիլիասի շրջանի սկաուտական վերամուտին առիթով հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ կիրակի, 19 դեկտեմբերի երեկոյեան Համազգայինի ճեմարանին մէջ։
Յակոբ Էքմեքճեան, շրջանային սկաուտական խորհուրդին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գտնուող ծնողներուն ու ՀՄԸՄ-ի բարեկամներուն՝ յաջողութիւն մաղթելով նորընտիր վարչութեան աշխատանքներուն։
Ապա խօսք առաւ Սարգիս քհնյ Սարգիսեան, որ շեշտեց շրջանին մէջ սկաուտական գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ բարձր գնահատելով շրջանի ծնողներուն դերը, որոնք անվարան իրենց անչափահաս թէ պատանի զաւակները կը ղրկեն ՀՄԸՄ-ի ակումբ։
Քահանայ հօր օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն՝ նուագակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շրջանի շեփորախումբին։









All the contents on this site are copyrighted ©.