2011-01-07 13:55:10

Անթիլիասի ձեռագրատունը կը հարստանայ նոր ձեռագիրով մը


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրատան հաւաքածոն հրաստացաւ նոր ձեռագրով մը: Արդարեւ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին յանձնուեցաւ ԺԵ. դարուն պատկանող ձեռագիր մը: Նուիրատուն Թորոնթոյի մէջ բնակող Զարեհ Շահինեանն է: Ձեռագիրը պաշտօնապէս Վեհափառին յանձնուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Մեղրիկ Ծ. Վարդապետին կողմէ, նուիրատուին քրոջ ներկայութեան: Ձեռագիրը Շարակնոց է, բաղկացած շուրջ 300 էջերէ. անոր լուսանցքները լեցուն են զարդանկարներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.