2011-01-08 13:51:58

Հաւատքի, յոյսի եւ տեսիլքի ճամբորդութիւն մը


Այս խորագիրը կը կրէ Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական գործունէութեան նուիրուած անգլերէն հատորը, որ լոյս տեսաւ վերջերս։
Հատորը կը բաղկանայ շուրջ 200 պատկերազարդ էջերէ ու երկու գլխաւոր մասերէ.- Առաջին մասին մէջ ներառուած են Վեհափառ հայրապետին միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական, ինչպէս նաեւ աստուածաբանական բնոյթ ունեցող հրատարակութիւններէն ու յօդուածներէն քաղուած հատուածներ։ Երկրորդ բաժինը կը բաղկանայ Վեհափառ հայրապետին միջ-եկեղեցական գործունէութեան մօտէն հետեւած ու անոր հետ գործակցած երեսուն անձերու վկայութիւններէն։ Վկայութիւններու կարգին կը գտնուին տիեզերական պատրիարքին, ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարներուն, եւ կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ աստուածաբաններու վկայութիւնները։
Յիշեալ հրատարակութիւնը կատարուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբին կողմէ, մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին։












All the contents on this site are copyrighted ©.