2011-01-10 13:18:00

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը Կը Խնդրէ Վերաբացումը Հալքի Աստուածաբանական Համալսարանի։


Գերերջանիկ Բարթողոմէոս Ա. պատրիարքարանի մէջ ընդունելով Թուրիոյ փոխ նախագահը խնդրեց թուրք կառավարութեանէն վերաբացումը Հալքի աստուածաբանական համալսարանի, որ պետութիւնը փակել տուած էր 1971ին։ Մեր յոյսն է որ թուրք կառավարութիւնը բարի կամք ցոյց տայ այս պաշտօնական այցելութենէն։ Նախապէս պատրիարքը յիշեց թէ ներկայ իսլամաւէտ կառավարութիւնը արտօնած է Բրինքիբու երախաներու որբանոցի վերաբացումը եւ կ'աշխատի ի նպաստ ոչ մահեմտական փոքրամասնութիւններուն։ Նշենք թէ Թուրքիոյ փոխ նախագահին այցելութիւնը պատրիարքարան ''պատմական'' որակուած է, քանի վերջին նախարարապետը 1952-ին այցելած է պատրիարքարանը։ Յայտնենք թէ Հալքի աստուածաբանութեան համալսարանը եղած է միակ կրօնական դաստիարակութեան կեդրոնը։ 1971ին փակուեցաւ թուրք կառավարութեան հրահանգով եւ պատրիարքութիւնը անկարելիութեան մէջ կը գտնուի պատրաստելու ապագայ կղերը, որ թուրք օրէնսդրութեան համաձայն պէտք է որ հպատակութեամբ թուրք ըլլան ։Եւրոպական Միութիւնը տարիներէ ի վեր կը պահանջէ վերաբացումը վերոյիշեալ կրթական կեդրոնին։








All the contents on this site are copyrighted ©.