2011-03-02 14:11:57

Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքի Մտահոգութիւնը Միջին Արեւելքի Եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Եղելութիւններու ի տես։


Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը մարտ մէկի յայտարարութեամբ խիստ մտահոգութիւն յայտնած է ի տես միջին արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ պատահած վերջին եղելութիւններուն, հաստատելով որ քաղաքական խառնաշփոթութիւնները չարչարանք ու ցաւ կը պատճառեն։
<< Շատ վտանգաւոր իրողութիւն մըն է - ըսած է Կիւրեղ Պատրիարքը - քաղաքական ղեկավարները տապալել եւ փոխել ուժգնութիւննրու դիմելով։ Դիւրին է ամբոխը գրգռել բայց գիտակից ենք նաեւ թէ շատ դժուար է աւերակներու վրայ նոր կեանք մը ստեղծել. ասոր համար - աւելցուց Պատրիարքը - ՊԷՏՔ Է աղօթենք միջին արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն համար] հայցելով Աստուծմէ որ օգնութեան հասնի եւ ուղղէ անոնց սրտերն ու հոգիները, այս դժուար կացութեան ընթացքին։ Ռուսիոյ Եկեղեցին թիկունք կը կանգնի արեւելեան պատրիարքութիւններուն ու քոյր եկեղեցիներուն` եւ ամէն ջանք պիտի թափէ օգնութեան հասնելու անոնց, հաստատած է Կիւրեղ Պատրիարքը ու ապա յոյս յայտնած է որ այս դժուար վիճակը շուտով վերջ գտնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.