2011-03-03 12:45:59

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Հաղորդագրութեանց Գրասենեակի Տնօրէն Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի Յայտարարութիւնը Բաքիսթանի Փոքրամասնութեանց Կաթողիկէ Նախարար Շահպազ Պըհաթթի Սպաննութեան մասին։


Պատասխանելով լրագրողներու ըրած հարցումներուն Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։ ՝՝Փոքրամասնութիւններու Փաքիսթանցի նախարար Շահպազ Պըհաթթիի սպաննութիւնը ահաւոր ծանրակշռութիւն ունեցող նոր բռնարարք մըն է,եւ ցոյց կուտայ թէ որքան ճիշդ էին Քահանայապետի կատարած շարունակական միջամտութիւնները կրօնական ազատութեան ու քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած բռնութեանց առնչութեամբ ։ Շահպազ Պըհաթթի առաջին կաթողիկէն էր որ կը գտնուէր նման պաշտօնի մը վրայ։ Յիշենք որ ան անցեալ Սեպտեմբերին ընդունուած էր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ,եւ այդ առթիւ Պըհաթթի արտայայտած էր իր յանձնառումը ի նպաստ խաղաղ համակեցութեան ընդ մէջ իր Երկրի կրօնական հասարակութիւններուն։ Կ՝աղօթենք զոհերուն համար,կը դատապարտենք անորակելի բռնարարքը ,կը յայտնենք մեր մօտիկութիւնը բաքիսթանի քրիստոնեաներուն ենթակայ նման ատելութեան,միաժամանակ կը բարձրացնենք մեր կոչը որպէսզի բոլորս գիտակցինք ողբերգական ստիպողականութեան պաշտպանելու կրօնքի ազատութիւնը եւ պաշտպանելու քրիստոնեաները առարկայ՝բռնութեանց ու հալածանքի՝՝ ըսաւ Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի իր կատարած յայտարարութեան մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.