2011-03-11 14:13:05

«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» Իրականութիւն Կը Դարձնէ Վանաձորցի 20 Ընտանիքներու Երազը։


Երէկ կիսաւեր եւ խոնաւ տնակներու մէջ ապրող վանաձորցի 20 ընտանիքներ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի շնորհիւ բնակարանամուտ տօնեցին նորակառոյց շէնքի մը մէջ: Ըստ ընկերութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան, հայկական ընկերութեան բարի կամքին շնորհիւ կարելի դարձաւ օգնել 20 անօթեւան ընտանիքներու, որոնք տեղափոխուեցան իրենց բարեկարգ եւ յարմարաւէտ բնակարանները` լեցուած նոր հաւատքով եւ նոր երազներով:
Հայաստանի յառաջատար բջիջային ընկերութիւնը 210 միլիոն դրամ յատկացուցած էր Վանաձորի մէջ նորակառոյց շէնքի մը մէջ անօթեւան մարդոց համար 20 բնակարան ձեռք բերելու համար:
«Մենք կրնանք երազել եւ իրականութիւն դարձնել մեր երազները, քանի որ կը հաւատանք Հայաստանի ապագային եւ կը մտածենք մեր ազգին մասին», ըսաւ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.