2011-03-19 12:02:09

Հայաստանի Մէջ Ֆրանսախօսութեան Օրերը։


Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան օրերու ձեռնարկները սկիզբ առին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեամբ՝ որուն ներկայ էին Հայաստանի կառավարութեան անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Երեւանի քաղաքապետը, մարզպետներ, Հայաստանի շուրջ երկու տասնեակ բնակավայրերու ղեկավարներ, Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան խօսք առնելով նշեց, որ արդէն երրորդ տարին է, որ Հայաստանի մէջ մեծ թափով կը նշուին ֆրանսախօսութեան օրերը, որոնք տարուէ տարի աւելի ընդգրկուն կը դառնան` աւելի շատ մասնակիցներ ներառելով:
Ըստ նախարար Նալբանդեանին, աւելի քան մէկ ամիս տեղի կ՛ունենան ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկները մշակութային եւ կրթական օճախներուն մէջ: Խօսքը կը վերաբերի աննախադէպ քանակի եւ ծաւալի նախաձեռնութիւններու` յատկապէս աշխարհագրական առումով, ուր գրեթէ Հայաստանի բոլոր մարզերը ներգրաւուած են այս ծրագիրին մէջ:
«Եթէ անցեալ տարի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ապտու Տիուֆ յատուկ ձեւով նշեց, որ Հայաստան ֆրանսախօսութեան օրերուն նուիրուած ձեռնարկներու քանակով առաջին տեղը կը գրաւէ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու շարքին մէջ, ապա այս տարի անոնց քանակը պարզապէս եռապատկուած է եւ հասած է շուրջ 150-ի», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան ծիրին մէջ այսօր Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ յայտնի երգչուհի Լարա Ֆապիանի մենահամերգը:
Ֆրանսախօսութեան օրերուն առիթով 17 մարտէն 21 ապրիլ Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ պիտի կազմակերպուին շուրջ 150 մշակութային, գեղարուեստական եւ կրթական ձեռնարկներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արուեստի գործիչներ Հայաստանէն եւ Ֆրանսախօս կարգ մը երկիրներէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ համակարգուած այս ծրագիրը իրականացուած է Հայաստանի տարածքային կառավարման, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան ու մշակոյթի, նախարարութիւններու, Երեւանի քաղաքապետարանի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի, Քանատայի, Լիբանանի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ Զուիցերիոյ դեսպանութիւններուն, Հայաստանի տարբեր համալսարաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ ու ներգրաւումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.