2011-03-24 09:28:07

ԿՐՕՆԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ


Ի՞նչ էր տիեզերքի նախնական վիճակը
Կ՛ընդունինք որ Աստուած ստեղծած է ամէն ինչ, սակայն հետաքրքիր ենք գիտնալու թէ ինչ էր նախնական վիճակը տիեզերքին. Արդեօ՞ք նոյնն էր քան ինչ որ է հիմա։ Եթէ ոչ` ի՞նչ էր ուրեմն իր նախկին վիճակը. Ի՞նչպէս տեղի ունեցած են փոփոխութիւնները դարերու կամ հազարամեակներու ընթացքին։
Արդ` Սուրբ Գիրքը գրեթէ ոչինչ կ՛ըսէ այդ մասին. Ուստի դիմենք գիտութեան եւ բացատրութիւն խնդրենք անկէ աշխարհի նախնական վիճակին մասին։
Նախ եւ առաջ` յիշելու ենք որ գիտութիւններու նպատակն է հետազօտել աշխարհը, ժամանակին եւ անջրպետին մէջ, եւ յետ նկատելու կարգ մը դէպքեր, աշխատիլ անոնց բանաւոր պատճառը գտնելու, ապա` անոնց հիման վրայ, ֆիզիքական ու քիմիական օրէնքներ հաստատելու, որոնցմով տիզերքը կը կառավարուի եւ ապա` այս օրէնքներու վրայ յենլով, առաջարկելու վարկած մը կամ ենթադրութիւն մը, որպէս բացատրութիւն այդ բոլոր եղելութիւններուն որոնք տեղի ունեցած են ու կը շարունակեն ունենալ աշխարհի վրայ։ Այսպէսով` գիտական վարկածը կը քաջալերէ փնտռտուքը. Երբեմն կարգ մը գիւտեր կու գան հաստատելու վարկածի իրականութիւնը, որ այս ձեւով` կը դառնայ օրէնք. Սակայն երբեմն ալ` կարգ մը նոր անբացատրելի եղելութիւններու պատճառաւ, վարկածը կը կորսնցնէ իր հաւատալիութիւնը եւ կը փնտռուի ուրիշ վարկած մը զայն փոխարինող, որ աւելի հաւանական ըլլայ։
Գիտնականները կը փնտռեն միայն բնական դէպքերն ու անոնց նիւթական պատճառները, եւ չեն կրնար հետազօտել որեւէ իրողութիւն որ նիւթականէն դուրս կ՛իյնայ, մենք պիտի ըսէինք` գերբնական իրողութիւն։ Ուստի եւ ոչ մէկ իշխանութիւն ունին արտայայտուելու արտանիւթական պատճառի մը գոյութեան կամ չգոյութեան մասին։ Աստուած բոլորովին դուրս է իրենց մշակած գիտութենէն եւ աշխատանքներէն։
Սակայն, որպէս խելացի էակներ, գիտնականներն ալ կրնան անշուշտ դուրս գալ իրենց զուտ գիտական հանգամանքէն եւ ընդունիլ Աստուծոյ մը գոյութիւնը, ինչ որ աւելի դիւրաւ ըմբռնել պիտի տայ իրենց կարգ մը խորհուրդներ որ այլապէս անկարելի պիտի ըլլար հասկնալ։
Տիեզերքը, մէյ մը որ ստեղծուի, կը դառնայ նիւթական իրողութիւն մը, ենթակայ գիտութեան բոլոր հետազօտութիւններուն. Այսօր նկատի պիտի առնենք անոնցմէ երկուքը, որոնք կը փորձեն բացատրել տիեզերքի նախնական վիճակը։
1- Լափլաս անունով ֆրանսացի գիտնականը 1827-ին` յղացաւ վարկած մը ըստ որում` տիեզերքը նախապէս հսկայական կազային զանգուած մըն էր որ ինք իր շուրջ կը դառնար. Երբ այս դարձուածքը աւելի արագ սկսաւ ըլլալ, կազային նիւթի բեկորներ անջատուեցան եւ կազմեցին զատ զատ մոլորակներ, որոնք հետզհետէ պաղելով` դարձան հեղուկ եւ ապա` կարծրացան, յառաջ բերելով աշխարհն ու միւս մոլորակները։ Այս ձեւով ան կը յաջողէր բացատրել աշխարհիս կեդրոնը գտնուող հրեղէն սիրտը, մոլորակներու շրջանը արեւուն շուրջ, արբանեակներու ներկայութիւնը կարգ մը մոլորակներու շուրջ, եւայլն...։
2 – Լըմեդր անունով ուրիշ գիտնական մը կազային զանգուածին փոխարէն առաջարկեց որպէս աւելի հաւատալի վարկած` նախնական աթոմի մը գոյութիւնը, որուն պայթումով` կազմուեցան աստղերը եւ անոնց շուրջ` իրենց մոլորակներն ու արբանեակները. Անոնք իրենց մէջ ունէին այնպիսի յատկութիւններ, որոնք իրարու վրայ ազդեցութիւն գործելով` յառաջացուցին ներկայ աշխարհը։ Գալ մեր հանդիպումին` պիտի ուսումնասիրենք Սուրբ Գրքի խօսքը` այս նիւթին շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.