2011-04-05 12:28:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի Յիշատակին։


Կիրակի, 3 ապրիլ 2011-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. ի վախճանման 6-րդ տարեդարձին առիթով, Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը յարգանքի տուրք մատուցեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. «մեծ պապին եւ Քրիստոսի խոնարհ ծառային»։
Աւետման աղօթքէն ետք, սուրբ Պետրոս հրապարակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան ներկայութեան՝ Պենետիկտոս ԺԶ. իր նախորդը յիշեց, ըսելով. «Ուրեմն հիմա, ծոմապահութեան ճամբով, որ կը պատրաստուինք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան, երուզերով կը մօտենանք այն օրուան, ուր պիտի կարենանք պատուել որպէս երանելի՝ այս մեծ քահանայապետը եւ Քրիստոսի մեծ վկան, աւելի վստահելով անոր բարեխօսութեան»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի երանելի հռչակման օրուան պատրաստուելով յառաջիկայ 1 մայիսին, 2006 -է ի վեր անոր նուիրուած տարեկան հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի չ՛ունենանյ թէեւ - աւելցուց- միշտ կը յիշեմ զինք իմ աղօթքներուս մէջ, «ինչպէս դուք բոլորդ, կարծեմ» ։
Այսօր երեքշաբթի 5 ապրիլին առաւօտեան ժամը 11.30-ին Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի երանացման արարողութեան պտրաստութիւնները եւ պաշտօնական օրակարգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.