2011-04-10 11:14:17

Մեծ Պահոց Հոգեւոր Խորհրդածութեանց Ծիրին Մէջ. Գեղամ Արք. Խաչերեան Խօսեցաւ Փրկրագործութեան Հասկացողութեան Մասին.


Մեծ պահոց խորհրդածութեանց ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 23 մարտին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ խորհրդածութիւն` խաչելութեան պատկերին դիմաց, նիւթ ունենալով փրկագործութիւնը: Խորհրդածութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան:

Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Մեծ պահքի 40-օրեայ շրջանին եկեղեցական արարողութիւններու ճամբով հաւատացեալը կը հրաւիրուի հոգեւոր կեանքի, սկզբունքներու եւ արժէքներու մասին մտածելու, այսինքն` նիւթական աշխարհէն հեռանալու եւ հոգեւոր աշխարհին մօտենալու: «Պահքի ուտելիքի կանոնը միջոց մըն է օգնելու անձին, որ կարենայ հոգեկան աշխարհին բարձրանալ», բացատրեց առաջնորդ սրբազանը:

Անդրադառնալով «Խորհրդածութիւն խաչելութեան պատկերին դիմաց» խորագիրին` Գեղամ արք. Խաչերեան նկատել տուաւ, որ Մեծ պահքի ընթացքին 40 օր խորանին վարագոյրը փակ կ՛ըլլայ եւ մեր աչքերուն դիմաց կը տեսնենք խաչելութեան պատկերը: «Վարագոյրին փակուիլը ցուցանիշ է, որ մարդ կտրուեցաւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութենէն», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ երբ վարագոյրը բաց է, մարդ անհատը Աստուծոյ հետ կապի մէջ է, իսկ անոր փակուիլը ցոյց կու տայ այն վիճակը, որ մարդ Աստուծմէ հեռու` եղաւ մեղքի պատճառով: Ան հարց տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն, թէ իրենք մտածա՞ծ են խաչելութեան պատկերի իմաստին մասին` նշելով միաժամանակ, որ հոն կան զանազան իմաստներ: Առաջինը փրկագործութիւնն է, որ կը նշանակէ այն ծրագիրը, որ կ՛իրագործուի մարդու փրկութեան համար, եւ մարդը կ՛ազատէ ու կը փրկէ մեղքի գերութենէն:

«Մեղքը այն պարզ գործն է, որ Աստուծոյ կամքին հակառակ է», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մեղքը մարդը Աստուծմէ հեռացնող գործ է: Գեղամ արք. Խաչերեան նաեւ նկատել տուաւ, որ Հին կտակարանը լեցուն է այնպիսի պատկերներով, որոնք կը խորհրդանշեն Քրիստոսի խաչելութիւնը, որ փրկութեան իմաստ ունի: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը կոչ ուղղեց բոլորին ուշադրութեամբ դիտելու Քրիստոսի խաչելութեան պատկերը, խորհրդածելու եւ անոր մէջ տեսնելու փրկութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.