2011-07-19 12:49:45

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Սոմալիան Չմորանանք


Երաշտը հարուածեց ափրիկեան ցամաքամասը եւ մարդասիրական ողբերգրական իրողութիւն մը ստեղծեց որուն առաջին զոհերն են Սոմալիայի բնկաչութիւնը։ Անօթութիւնն ու ծարաւը կը մղեն շատերը յուսահատութեան մատնուելու, օգնութիւն հայցելով ու իրենց ապրած վայրերէն հեռանալով ու ապաստանելով սահմանակից երկիրներ ուր օրական 2000 փախստականներ կը ժամանեն։
Ուժասպառ դարձնող երկար քայլարշաւի ընթացքին փախստականները յաճախ կ՝ենթարկուին կողոպուտի ու մանուկները վայրի անասուններու յարձակումին։
1989-ի յուլիսին գերապայծառ Սալվաթորէ Գոլոմպոն սպաննուեցաւ Եկեղեցւոյ դրան առջեւ։ Այն օրէն ի վեր, Առաքելական Մատակարարը երկրէն դուրս հաստատած է իր բնակավայրը։
2003-ին՝ Աննալէնա Թոնէլլի հիւանդապահուհին հրացանով կը սպաննուէր Սոմալիլանտի մէջ, որմէ ետք Քոյր Լէոնէլլա Զկպաթին եւս կը նահատակուէր հայցելով ներում զինք սպաննողներուն համար - ինչպէս կը յիշեցնէր Սրբազան Քահանայապետը 2077-ի յունուար 7-ն։ Ասոնք միայն երեք անուններ են, պարզապէս մատնանշելու՝ թէ Կաթողիկէ եկեղեցին ներկայ է ու կը չարչարուի Սոմալացի Ժողովուրդին նեցուկ կանգնած։ Թէեւ անմեղ զոհերու թիւը անհաշուելի է, նոյնիսկ այլ կրօններու պատկանող հաւատացեալներու մէջ, խստակրօնութեան եւ քաղաքական ու ցեղային խտրականութիւններու ու բախումներու պաճառաւ։
20 տարի է ի վեր երկիրը ղեկավար մը չ՛ունի, իր ծովափները ծովահէններու հսկողութեան տակ են, եւ շատ մը մարդասիրական ընկերակցութիւններու գործիչներ յաճախակի սպառնալիքներու պատճառաւ ստիպուեցան թողուլ ու հրաժարիլ իրենց գործունէութենէն։
Նոյնիսկ եթէ Սրբազան Քահանայապետը ամէն տարուայ դիւանագէտներու ուղղած իր ճառին մէջ կը յիշէ Սոմալիան, սակայն այն տպաւորութիւնը կու տայ որ միջազգային հասարակութիւնը իր ճակատագրին թողած է այս դժբախտ երկիրը։
Մենք ալ արդեօք կը ջանանք մոռնալ զայն, կամ այդ ահաւոր պատկերները եւ անձկալից կոչերը, որոնց այս օրերուն ականատես ենք, մեր մէջ կ՛արթնցնեն պատասխանատուութեան ու զօրակցութեան հոգին։ Չմոռնանք Սոմալիան ու սոմալացի ժողովուրդը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.