2011-07-27 12:56:25

Գանատայի Եպիսկոպոսներու Նախագահը Աղօթքի, Սիրոյ եւ Զօրակցութեան Պատգամ Մը Ուղղած է Նորվեկիայի Ժողովուրդին։


Գերապայծառ Մորիսեդ` նախագահը Գանատայի եպիսկոպոսական դասին, ի լուր Օսլոյի ողբերգութեան, 25 յուլիսին աղօթքի, սիրոյ եւ զօրակցութեան պատգամ մը ուղղած է Նորվեկիայի ժողովուրդին յանուն Գանատայի կաթողիկէ կղերին ու հաւատացեալներուն։
Վստահ եղէք, կը գրէ Քեպեքի առաջնորդը, որ Գանատայի կաթողիկէ կղերը ձեզի հետ միացած է աղօթքով։ Անոնք իրենց աղօթքին մէջ կը յիշեն զոհերն ու անոնց պարագաները եւ լիովին կ'ապրին ձեր ողբերգութիւնը ու խորապէս կը բաժնեն ձեր արժէքները խաղաղութեան ու զօրակցութեան։ Նոյն պատգամը ուղղուած է արքայական ընտանիքին ու քաղաքացիական իշխանութիւններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.