2011-11-24 13:16:11

Ոչ Եւս Է Հայազգի Դասախօս Փրոֆ. Հրանդ Յակոբեան։


Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, իր մահկանացուն կնքեց հայազգի 84-ամեայ փրոֆ. Հրանդ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեանի հայրը:
Ողբացեալը եղած է Գաւառի պետական համալսարանի խորհուրդի նախագահ, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր եւ Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ 24 նոյեմբերին, Երեւանի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Իսկ հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 նոյեմբերին, Գաւառի պետական համալսարանին մէջ: Յուղարկաւորութիւնը (միշտ) տեղի պիտի ունենայ Գաւառ քաղաքին մէջ:
Հրանդ Յակոբեան ծնած է 17 դեկտեմբեր 1927-ին, Նոր Պայազետի շրջանի Սարուխան գիւղին մէջ` արհեստաւորի ընտանիքին մէջ: 1990 թուականին Հրանդ Յակոբեան կը պաշտպանէ դոկտորական ատենախօսութիւնը` ստանալով փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան: Ատենախօսութիւնը նուիրուած էր վիպասան Ռաֆֆիի պատմական-փիլիսոփայական հայեացքներու վերլուծութեան եւ գիտական արժեւորման: 1991-ին Հրանդ Յակոբեանին շնորհուեցաւ մասնագէտի կոչում: Հրանդ Յակոբեան, աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենայ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Աստուածաբանութեան բաժանմունքի բացման, ուր շուրջ տասնամեակ մը կը ղեկավարէ «Կրօնագիտութեան ամպիոնը»:
2010-ին Հայաստանի նախագահին կողմէ արժանացած է գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման: Ան պարգեւատրուած է նաեւ մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի անուան ոսկիէ մետալով, Երեւանի պետական համալսարանի ոսկիէ մետալով, բազմաթիւ այլ պարգեւներով, պատուոյ գիրերով եւ յուշամետալներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.