2012-01-02 13:19:53

Կարտինալ Թոռանի Կոչը Աշխարհի Բոլոր Կրօնապետերուն ՜՜ Դաստիարակել՝ Հաւատացեալները Խաղաղութեան՝՝ Նիւթին Մասին։


Նիճերիոյ եկեղեցիներուն դէմ կատարուած շարք մը մահափորձերէն ետք, Կարտինալ Թոռան` նախագահը Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, խնդրեց աշխարհի բոլոր կրօնապետերէն, որ դաստիարակեն հաւատացեալները խաղաղութեան ու արդարութեան։
Ան միաժամանակ իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ աշխարհի կրօնապետերը կը ճանչնան կաթողիկէ եկեղեցւոյ խաղաղութեան մեծ առաքելութիւնը։ Յայտնենք որ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը մատնանշեց որ 2012-ին մտադիր է այցելել եւ հանդիպում ունենալ Ափրիկէյի զանազան երկիրներու աւանդապաշտ կրօնապետերու հետ, իսկ նոյեմբերին կլոր սեղան պիտի ունենայ Իրանի մահմետականներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.