2012-01-25 11:53:19

Քրիստոնեայ-իսլամ Համագումարի Բացում։


Անթիլիասի մայրավանքին մէջ 24 Յունուարին բացումը կատարուեցաւ Քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին նախագահութեամբ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ՝ քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւորական ու աշխարհական բարձրաստիճան պատասխանատուներու արաբական աշխարհի զանազան շրջաններէն, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայէն ու հիւսիսային Ամերիկայէն յատուկ հրաւիրեալներու թիւով աւելի քան 70 հոգի:
Համագումարը պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 27 յունուար: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ` գործակցութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ անոր կը մասնակցին Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Մասիս վրդ. Զօպուեան:
Համագումարին բացման խօսքը արտասանեց վեհափառը, որ նկատեց համագումարը հրամայական անհրաժեշտութիւն մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուող արաբական աշխարհին մէջ» ըսաւ թէ պէտք է խուսափիլ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը տեսական արեւմտեան ու ընդհանրական մօտեցումներով արժեւորելու փորձերէն: Անհրաժեշտ է գոյութենական, իրապաշտ ու միջինարեւելեան հայեցակէտերով արժեւորել տեղի ունեցող դէպքերը շրջանին մէջ, եւ եթէ շարունակուող ներկայ կացութիւնը զինեալ բախումներու վերածուի, եւ դիմադրական շարժումներուն պակսի միասնականութիւն ու յստակ տեսիլք, շրջանը կրնայ շատ աւելի լուրջ ու աննախատեսելի վտանգներու դիմաց գտնել ինքզինք»:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս առաջարկեց որ եկեղեցիները շրջանին մէջ պէտք է խօսին մէ՛կ ձայնով ու ծրագրեն եւ գործեն միասնաբար: Եւ թէ «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ գործակցութիւնը պէտք է ծաւալի բարի դրացնութենէն անդին իբրեւ համաքաղաքացիներ։ Անհրաժեշտ է որ անոնք գործակցին` շրջանի ընկերութիւններուն ժողովրդավարական հիմքերը ամրացնելով, քրիստոնեաներուն քաղաքական կառոյցներուն մէջ աւելի լայն մասնակցութեան կարելիութիւն տալով եւ բոլոր տեսակի ազատութիւններ ապահովելով, որպէսզի անոնք կարենան պահել իրենց աւանդութիւնները, արժէքները եւ ինքնութիւնը` մնալով հանդերձ անբաժան մասը ընկերութեան:
Հուսկ Արամ Ա. կաթողիկոս եզրափակեց ըսելով. «Չմոռնանք, որ քրիստոնէութեան ծննդավայրը Միջին Արեւելքն է եւ շրջանի պատմութեան մէջ առանցքային դեր ունեցած է քրիստոնէութիւնը: Հետեւաբար, իսլամութիւն ու քրիստոնէութիւն միասնաբար կոչուած են կերտելու նոր Միջին Արեւելք մը, ուր կը տիրէ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն, կրօնական ազատութիւն ու մարդկային իրաւունքներու ճանաչում»:
Համագումարին յաջորդաբար խօսք առին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թվւէյթ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանա եւ Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մոհամետ Սամմաք:








All the contents on this site are copyrighted ©.