2012-02-28 12:35:02

Սուրիոյ Նոր Սահմանադրութիւնը Քուէներու 89.4 Տոկոսով Կը Վաւերացուի։


Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մուհամատ Շաար Երկուշաբթի, Փետրուար 27ին յայտարարեց, որ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէի մասնակցութեան համեմատութիւնը 57.4 առ հարիւր եղած է, իսկ քուէարկողներուն 89.4 առ հարիւրը, այսինքն՝ 7,490,319 քուէարկողներ, սահմանադրական բարեփոխումներուն ի նպաստ քուէարկած է: Նոր Սահմանադրութեան դէմ քուէարկած են քուէարկողներու 9 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ քուէները չեղեալ նկատուած են:
Ընդդիմութիւնը կոչ ուղղած էր հանրաքուէն պոյքոթի ենթարկելու, եւ նախագահ Պաշշար Ասսատի անմիջական հրաժարականը պահանջած էր։
Կիրակի օր տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին իր քուէն գործածելէ ետք, Ասատ լրագրողներուն յայտնեց, որ Սուրիա «տեղեկատուական յարձակումի» կ՛ենթարկուի, սակայն տեղեկատուութեան մարզը, հակառակ իր ուժին եւ կարեւորութեան, չի կրնար իրողութիւններուն յաղթել: Ան ըսաւ, որ նոր սահմանադրութեան շնորհիւ, երկիրը մուտք պիտի գործէ քաղաքական բազմակուսակցական հանգրուան՝ աւելի եւս հզօրանալով:
Սակայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ «խեղկատակութիւն» նկատեց հանրաքուէն, իսկ Քաթար դարձեալ յայտարարեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է սուրիական ընդդիմութիւնը զինէ:
Միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ ՄըքՖոլ ըսաւ, որ Սուրիոյ Հոմս քաղաքը մարդասիրական աղէտի եզրին կանգնած է, եւ Մոսկուային կոչ ուղղեց՝ Դամասկոսի վրայ ճնշում բանեցնելու։
Իր կարգին, Իսրայէլի տեղեկահաւաքի նախարար Տան Մերիտոր իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Ասսատի վարչակարգին տապալումը պիտի քանդէ Իրանի հետ «առանցքը», ինչ որ Իսրայէլի համար լաւ պիտի ըլլայ, սակայն յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին դէմ զինուորական որեւէ միջամտութիւն կը մերժէ։
Եւրոպական Միութիւնը Երկուշաբթի օր Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան եւ օդանաւային ապրանքատարութեան դէմ պատժամիջոցներ որդեգրեց, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը ճանչցաւ որպէս Սուրիոյ ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչ։
Նաեւ, Հոմսի մէջ ծառայող զինուոր մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ին յայտնած է, որ սուրիական բանակը ըմբոստներուն դէմ իր ուժին միայն 20 առ հարիւրը օգտագործած է՝ նշելով, որ «Ասատի վարչակարգը տակաւին յեղափոխութիւնը ճզմել չէ որոշած», նշելով, որ այդպիսի գործողութիւն մը առնուազն 100 հազար զոհ պիտի պատճառէ։ Սուրիական բանակի ամէնէն ուժեղ զօրամասերը զրահապատ 4րդ զօրաբաժինն ու նախագահական պահակագունդն է, որուն անդամները ալաուի համայնքէն են, եւ այդ ուժերը տակաւին Դամասկոսի մէջ տեղակայուած են, իսկ Հոմսի մէջ ըմբոստներուն դէմ կռուող ուժերը մեծամասնութեամբ սիւննիներէ կազմուած են։
Վերջապէս, հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի կառավարութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակէն դասալիք եղած 30 քիւրտ զինուորներ քրտական շրջան հասած են եւ անոնց ապաստանեալի կարգավիճակ տրուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.