2012-03-17 12:55:57

Վատիկանի L’Osservatore Romano Օրաթերթը Կը Դատապարտէ Աւելի Քան 104 Միլիոն Գաղթական Կիներու Չարաշահութիւնը։


Իր 14 մարտԻ թիւին մէջ, Osservatore Romano-ն կը նկարագրէ գաղթական կիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, աշխատանք փնտռելու եւ իրենց զաւակները լաւագոյն պայմաններու մէջ աճեցնելու համար ։ Այդ ուղղութեամբ միջազգային Գարիթասը իր տեղեկագիրին մէջ կը մատնանշէ գաղթող կիներու աճող թիւը, որոնք իրենց օճախէն կը հեռանան կեանքի աւելի լաւ պայմաններ գտնելու յոյսով եւ սակայն դժբախտաբար յաճախ անոնք թիրախ են չարաշահութեան ու խոշտանգումի։ Տեղեկագիրը կը հաստատէ որ հիւրընկալ կառավարութիւններու ու ընկերային սպասարկութիւններու պարտականութիւնն է՝ ընդառաջել անոնց կարիքներուն, սակայն քիչերն են որ լաւ գործ կը գտնեն։ Անոնք յաճախ թիրախ են խաբէութեան, զեղծումներու, բռնութիւններու ու խտրականութեան։ Ներկայ դրութիւնը ի վիճակի չէ գաղթական կիները պաշպտանելու, հարկ է վերատեսել օրէնքները ու պաշտպանել անոնց իրաւունքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.