2012-03-28 14:10:32

Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆետէրիքօ Լոմպարտիի Առօրեայ Մամլոյ Ասուլիսը՝Գուպայի Մէջ։


RealAudioMP3 Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի Գուպա դարմանումի համար գտնուող Վէնէզուէլայի Նախագահ Ուկօ Չավէզի մասին կատարուած ՝՝ Չավեզ կը փափաքի բարեւել Սրբազան Քահանայապետը՝՝ հարցումին պատասխանելով ըսաւ ՝՝ տրամաբանական է Նախագահ Չավէզի փափաքը,անշուշտ Նորին Սրբութեան օրակարգը բազմազբաղ է, բայց մենք նոյնպէս ուրախ պիտի ըլլանք եթէ առիթը ներկայանայ արտայայտելու մեր բարեմաղթութիւնները իր առողջութեանը համար,ինչպէս ծանօթ է ան հոս Գուպա կը գտնուի դարմանումի համար։

Իսկ ֆիտէլ Գասթրոյի հետ կայանալիք Սրբազան Հօր հաւանական հանդիպումի հարցումին պատասխանելով,Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի ըսաւ որ ՝՝ մաս-մետիաները լարուած ուշադրութեամբ կեդրոնացած են այս հանդիպումի վրայ,մինչ այս ճամբորդութիւնը ունի այլ շատ կարեւոր տարողութիւններ,ինչպէս նոյնինքն Քահանայապետի ուխտագնացութիւնը հոս Գուպա որ ՝՝սիրտը՝՝ կը հանդիսանայ այս ճամբորդութեան ։ Բնականաբար խորհրդանշական տեսանկիւնէ հանդիպումը Գուպայի պատմութեան մեծ Ղեկավարին հետ ունի իր նշանակութիւնը եւ իր կարեւորութիւնը,Քահանայապետը տրամադիր է նման կարելիութեան մը։

Հուսկ՝ Լրագրողի այն հարցումին թէ ՝՝Պենետիկտոս ԺԶ.ի ներկայութիւնը կը զօրացնէ արդեօք Եկեղեցին Գուպայի մէջ., Հայր Լոմպարտի պաստասխանեց ըսելով ՝՝Անտարակոյս Այո,մանաւանդ թէ ներքնապէս կը զօրացնէ, որը մեկնակէտ է բոլոր Եկեղեցիներուն համար ։ Եկեղեցին Գուպայի մէջ կ՝ապրի ուրախ շրջան մը,նաեւ նկատի ունենալով Սրբազան Հօր ուխտագնացութիւնը,ապա ՝՝Վիրկէն Տը լա Գարիտատ՝՝ Մարեմեան Սրբավայրի Յոբելեանը,բոլորը կը տօնակատարուին ակնկալութիւններէ անդին,որը ցոյց կուտայ Գուպայի Եկեղեցւոյ ու Ժողովուրդի ապրած շնորհքի պահը ու ներքին վերակենսունակութիւնը,ուստի կայ եւ գոյութիւն ունի հոգեւոր տարողութիւն մը որ երբէք պէտք չէ մոռցուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.