2012-04-01 11:36:58

Սրբազան Քահանայապետին Հանդիսաւոր Պատարգը Ծաղկազարդի Տօնին Առթիւ։
Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուայ Թեմական Տօնախմբութիւն։


RealAudioMP3 Կիրակի 1 ապրիլ։ Այսօր Կաթողիկէ եկեղեցին կը տօնէ Ծաղկազարդը։Տօն Յիսուսի փառաւոր Մուտքին Երուսաղէմ։Ծաղկազարդը կը կոչուի նաեւ Արմաւենեաց Կիրակի, քանի որ Երուսաղէմ մուտքին բազմութիւնը Արմաւենիի կամ ձիթենիի ճիւղերով ընդունեց Յիսուսը։

Կիրակի առաւօտեան ժամը 9.30, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ` որ զարդարուած էր արմաւենիի եւ ձիթենիի ոստերով, նուիրուած Իտալիոյ Բուլիա Մարզի կողմէ, հոծ հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու բազմութեան ներկայութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալներու եւ եպիսկոպոսներու դասի մասնակցութեամբ, հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց Հրապարակ ուր
կատարեց արմաւենիներու եւ ձիթենեաց ճիւղերու օրհնութիւնը հուսկ գլխաւորեց Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը։

Նշենք որ Սուրբ Պետրոս հրապարկի զարդարանքին համար, բացի բազմաթիւ տունկերու եւ Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ խորհրդանշող ձիթենիի ոստերու, Բուլիա Մարզը նուիրած նաեւ 2 հնամեայ եւ 8 հասուն ձիթենիներ։

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք իր արտասանած քարոզին Մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Ծաղկազարդի տօնը այն կոթողային գլխաւոր դուռն է որուն միջոցաւ կը մտնենք Աւագ Շաբաթ` այն շաբաթը որուն ընթացքին մեր Տէրը կը լրացնէ իր երկրային կեանքի ըթացքը։ Ան Երուսաղեմ կը մտնէ որպէսզի իրականան սուրբ գիրերը եւ խաչին վրայ տարածուած դէպի իրեն կը քաշէ համայն մարդկութիւնը ու բոլորին կը նուիրէ փրկութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խորհրդածեց Մարկոսի աւետարանի մէջ պատմուած այն հրաշքին որ Յիսուս կը կատարէ երուսաղեմ չի մտած` երիքովի կոյրի բժշկութիւնը։ Երբ կոյրը կ՛իմանայ թէ անցնողը Յիսուս Նազովրեցին է կ՛աղաղակէ. <<Որդի Դաւիթի, Յիսուս, գթա վրաս։>> Յիսուս կանչել կու տայ զայն ու անոր կը հարցնէ. <<ի՞նչ կ`ուզես որ ընեմ քեզի>>։ Կոյրը կը պատասխանէ. <<Ռաբբունի, աչքերս թող բացուին։>> Յիսուս արդ կ՛ըսէ. >>գնա, հաւատքդ քեզ փրկեց։>> Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով ապա Ժողովուրդի աղաղկին <<Ովսաննա, օրհնեալ ըլլայ Ան որ կու գայ Տիրոջ անունով>> ըսաւ. Շատեր անհամբեր կը սպասէին Մեսիայի գալուստին սակայն մի քանի օր ետք յուսախաբ մնալով այդ նոյն մարդիկը <<ի խաչ հան>> աղաղակեցին։ Հոս է ահա այսօրուայ տօնակատարութեան խոր իմաստը << մեզի համար Յիսուս Նազովրեցին ո՞վ է։ Ի՞նչ գաղափար ունինք անոր մասին կամ Աստուծոյ մասին։ Ի՞նչ կը սպասենք Անորմէ որ մեզի դիւրին երջանկութիւն չ՛ապահովեր երկրի վրայ այլ երկնքի յաւիտեանական երջանկութիւն կը խոստանայ ու կանչուած ենք հետեւելու Անոր որ խաչը ընտրեց որպէս գահ։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն.
Սիրելի Երիտասարդներ որ համախմբուած էք նշելու ձեր Օրը աշխարհի ամէն այն վայրերու մէջ ուր եկեղեցին ներկայ է, կ՛ողջունեմ ձեզ գորովալի ողջոյնով։ Թող Ծաղկազարդի օրը ըլլայ ձեցի համար որոշումի օր։ Որոշում` ընդունելու Տէրը եւ հետեւելու Անոր մինչեւ վերջ։ Որոշում` Անոր Զատկուայ մահն ու Յարութիւնը դարձնելու ձեր քրիտոնէական կեանքի իմաստը։ Իսկական երջանկութեան տանող որոշումն է այս ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակելով շարունակեց.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր այս օրերուն յատկանշական երկու զգացումներ կան. Փառափանութիւն եւ Շնորհակալութիւն։ Փառափանութիւն` այնպէս ինչպէս ըրին Յիսուսը դիմաւորողները Երուսաղեմի մուտքին եւ շնորհակալութիւն որովհետեւ այս շաբթուայ ընթացքին Յիսուս կը նորոգէ իր ամենամեծ պարգեւը որ կարելի է երեւակայել. Կեանքի պարգեւը, մարմնի եւ արեան պարգեւը, Սիրոյ պարգեւը։ Այս մեծագոյն պարգեւին հարկ է համապատասխանել ատակ կերպով, այսինքն մենք զմեզ նուիրելով։ Նուիրելով մեր ժամանակը, մեր աղօթքը եւ մեր սիրոյ խոր հաղորդակցութիւնը Քրիստոսի հետ որ չարչարուեցաւ, մեռաւ ու մեզի համար Յարութիւն առաւ։
Օրհնեալ է Ան որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Ամէն։

Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները Անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.