2012-04-02 13:06:18

Գուպայի Իշխանութիւնները Աւագ Ուրբաթ Օրը Հռչակեցին Ազգային Տօնական Օր


Ընդառաջելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գուպայի նախագահ Ռաուլ Գասդրոյի ներկայացուցած խնդրանքին, Գուպայի իշխանութիւնները Աւագ Ուրբաթ Օրը Հռչակած են որպէս Ազգային Տօնական Օր։
Այս առթիւ Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր խնդակցութիւնը յայտնած է ու յայտարարած թէ այս որոշումը շատ դրական քայլ մըն է յոյս յայտնելով որ Սրբազան Քահանայապետի Գուպա կատարած առաքելական այցելութիւնը շարունակէ իր պտուղները պարգեւել եկեղեցւոյ եւ համայն գուպայի ժողովուրդին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.