Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Մարմիններու՝ ՜՜Հանդիպում-ընդունելութիւն՝՝ Հայ Կաթողիկէ
Պատրիարքարանին Մէջ:
Պէյրութ-Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հրաւէրով՝ եւ պատրիարքարանի մէջ, չորեքշաբթի օրը
երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն մը ամենապատիւ տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ.
հոգեւոր տիրոջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին, 100-ամեակի
միջմշակութային մարմնին եւ 100-ամեակի միջերիտասարդական մարմնին միջեւ: Ամենապատիւ
Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց 100-ամեակի մարմիններուն տարած աշխատանքները, յատկապէս
շեշտելով անոնց համագաղութային բնոյթը եւ տարեսկիզբէն մինչեւ ապրիլ 24 երկարած ձեռնարկներու
շարքը: Իրենց կարգին, մարմիններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն
մասին` ընդգծելով, որ 100-ամեակի մարմիններու աշխատանքները ամբողջ գաղութի տարբեր ոլորտներու
կազմակերպութիւններն ու միաւորները ընդգրկած են եւ իրենց աշխատանքները մինչեւ հարիւրամեակ
պիտի շարունակեն հետեւողական ձեւով: Արծարծուեցաւ մշակոյթի ճամբով Ցեղասպանութեան ծանօթացման
կարեւորութիւնը, լրատուամիջոցներու հետ մնայուն կապ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, երիտասարդական
խաւի ներգրաւուածութեան երեւոյթը եւ Հայաստանի պետական յանձնախումբին հետ մնայուն համագործակցութիւնը
զարգացնելու հրամայականը: