2012-08-06 11:20:05

Քահանայապետական Ամարանոցէն Սրբազան Քահանայապետը Կը Հրաւիրէ Մարդկութիւնը Գերազանցելու Մարդկային Արժէքները։


Կիրակի 5 օգոստոս 2012 կէսօրին, գասթելակնտոլֆոյի ամարանոցին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Իր արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւն ըսաւ. Յիսուս կ'ուզէ մարդոց օգնել որ գերազանցեն նիւթական անմիջական հաճոյքները, նոյնիսկ երբ անոնք կարեւոր ու արդարացի են։ Յիսուս կը հրաւիրէ մեզ որ կանգ չառնենք նիւթականին առջեւ ու գերազանցենք մարդկային հորիզոնը բացուելով Աստուծոյ հորիզոնին` հաւատքին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մեկնաբանեց Յովհաննէս Աւետարանի 6-րդ գլուխը։ Յիսուս կը գտնուէր Կափառնաումի սինակոկի մէջ հացերու բազմացումի հրաշքէն ետք։ Ամբոխը կ'ուզէր որ հրաշքը գոյատեւէր եւ հարց կու տար թէ ի՞նչ պէտք է ընել Աստուծոյ գործերը կատարելու։ Յիսուսի պատասխանը եղաւ պարզ. ''Այս է Աստուծոյ գործը. հաւատացէք Անոր որ Ինք ղրկեց''։ Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Քահանաղապետը, մեր կեանքի ճշմարիտ հացն է ով որ իրեն կ'երթայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ով որ անոր հաւատայ, երբեք պիտի չծարաւնայ։ Այդ հացը կարելի չէ ունենալ մարդկային աշխատանքով, այլ մեզի կը շնորհուի որպէս Աստուծոյ սիրոյ մէկ պարգեւը, որ պէտք է զան փնտռել ու ապա ընդունիլ։
Ներկայիս կ'ապրինք ժամանակ մը լի զբաղումներով ու հարցերով ու նաեւ արձակուրդով ու հանգիստով, Տէրը մեզի կը յիշեցնէ որ պէտք չենք մտահոգուիլ միմիայն նիւթական հացով արդ աւելի հիմնական ու կարեւոր է զարգացնել մեր կապը Յիսուսի հետ ու ամրացնել մեր հաւատքը Անով որ մեր կեանքի հացն է ու կը լիացնէ մեր սիրտը ճշմարտութեամբ ու սիրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.