2012-12-04 10:19:55

Սրբազան Քահանայապետի Դեկտեմբեր Ամսուայ Գլխաւորած Արարողութիւնները


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի դեկտեմբեր ամսուայ օրակարգը կը նախատեսէ զանազան հանդիպումներ եւ արարողութիւններ որոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 1 դեկտեմբերի երեկոյեան` Լատին Ծէսի յիսնակաց շրջանի նախօրեակին, երբ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը Հռոմի ու Քահանայապետական համալասարաններու աշակերտներու ու ուսուցչական կազմի ներկայութեամբ։

Ան ապա 8 դեկտեմբերի՝ յետ միջօրէին, ըստ աւանդութեան, Հռոմի ''Բիացցա Սպանիայ'' կոչուած հրապարակի վրայ զետեղուած Անարատ Յղութեան աւանդական պաշտամունքը կը կատարէ։

Դեկտեմբեր 16-ին Սրբազան Հայրը Հովուական այցելութիւն մը կը կատարէ Հռոմի արուարձաններու մէջ գտնուող Սան Բաթրիցիօ - Ալ Քոլլէ Փրէնէսթինօյի ժողովրդապետութեան ուր պիտի մատուցէ նաեւ Սուրբ պատարագը։

Երկուշաբթի 24 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 10-ին՝ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ Սրբազան Հայրը կը նախագահէ Սուրբ Ծննդեան պատարագը։Ու ապա յաջորդ օրը 25 դեկտեմբերին կէսօրին՝ ինչպէս ամէն տարի Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Տաճարի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին պիտի ուղղէ Ծնունդի Իր պատգամը որուն աւարտին պիտի տայ ''Urbi Et Orbi'' այսինքն Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղուած իր Առաքելական Օրհնութիւնը։ Նախ քան իր Առաքելական Օրհնութիւնը Սրբազան Հայրը շուրջ 60 տարբեր լեզուներով պիտի շնորհաւորէ համապատասխան ազգերու հաւատացեալները։

29 դեկտեմբերին յետ միջօրէի ժամը 18-ին Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ Սրբազան Հայրը պիտի գլխաւորէ Թէզէյի հասարակութեան երիտասարդաց հաւաքի աղօթքը որուն պիտի մասնակցին համայն եւրոպայէն ժամանած աւելի քան 30 հազար երիտասարդներ։ Նշենք որ Թէզէյի հասարակութիւնը հիմնուած է 1978-ի Եղբայր Րոժէ Շուլտսի ջանքերով։

Երկուշաբթի դեկտեմբեր 31ին, երեկոյան ժամը 17ին, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը եւ << Te Deum>> ''Փառք ի Բարձունս'' գոհաբանական աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.