2013-04-24 12:47:47

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Պիտի Ընդարձակուի Շուրջ Երկու Անգամով


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ շինարարական հսկայական աշխատանքներ կը տարուին: 23 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի նախասրահին մէջ կայացած հաշուետու ասուլիսին ընթացքին թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը նշած է, որ թանգարանի մասնաշէնքը յառաջիկային պիտի ընդարձակուի շուրջ երկու անգամով: «Բուն ցուցադրական մակերեսը մեծացուելու է երկուս ու կէս անգամ: Սա ուղղակի թուեր չեն, այլ այդ ամէնը ենթադրում է երկար, տաժանակիր աշխատանք, քանի որ մենք մեր ցուցադրութիւնը պատրաստում ենք բացարձակապէս նոր հայեցակարգի հիման վրայ, եւ Հայաստանում ներդրուելու է թանգարանային նոր մշակոյթ», յայտնած է Դեմոյեանը: Անոր համաձայն, նոր ցուցադրութիւնը յագեցած պիտի լինի թանգարանային նորագոյն արհեստագիտութեամբ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներկայացուելու է նորովի, բացարձակապէս նոր նիւթերի հիման վրայ, որոնք լրջօրէն փոխելու են մեր պատկերացումները, ընկալումները եւ գիտելիքները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Սա դառնալու է լուրջ գործիք մեր թանգարանի առաքելութեան միջազգային ճանաչման եւ իրազեկման առումով», ընդգծած է թանգարանին տնօրէնը:
Մասնաշէնքերէն եկուքը գրեթէ պատրաստ են, եւ տարուան աւարտին կը նախատեսուի աւարտել հիմնական շինարարական աշխատանքները, որոնցմէ ետք պիտի սկսի երկրորդ հանգրուանը, որ կ՛ենթադրէ շէնքի ներսի բաժինի հիմնական նորոգութիւն եւ մասնաշէնքի նոր ցուցադրական տարածքներու պատրաստութիւն: «Այս ամէնի արդիւնքում մենք կ՛ունենանք բաւական ընդարձակ ժամանակաւոր ցուցասրահ, որը հնարաւորութիւն կը տայ թէ՛ պատրաստել մեծ ցուցադրութիւններ, թէ՛ ներկայացնել արտասահմանից բերուած ցուցադրութիւնները», նշած է Դեմոյեանը:
Թէեւ շինարարական աշխատանքները պիտի չդադրին, սակայն թանգարանը բնականոն հունով պիտի շարունակէ հիւրեր ընդունիլ եւ ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը ոչ միայն գործող ցուցադրութեան միջոցով, այլ նաեւ՝ աշխարհի մեծ մայրաքաղաքներու ցուցասրահներուն մէջ: Անցեալ տարուան ընթացքին երկու յատկանշական ցուցադրութիւններ կայացած են Պէյրութի կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին եւ Քոփենհակընի թագաւորական գրադարանին մէջ:
«Այս ցուցադրութիւնները առիթ հանդիսացան թուրքական դեսպանատան արձագանքին, ինչն իր հերթին բերեց դանիական հասարակութեան սուր արձագանքը, որը դրսեւորուեց շուրջ 250 քննադատական յօդուածների տեսքով: Հիմնական թեզն այն էր, որ թուրքական կողմը իրաւունք չունի ժխտողական տեսակէտ արտայայտել Դանիայում», բացատրած է Դեմոյեան:
Անդրադառնալով թանգարանի ունեցած միջազգային համագործակցութեան՝ բանախօսը նշած է, որ այժմ թանգարանը ունի պայմանագիր չեխական Լիտիցիոյ յուշամահալիրին հետ: Յառաջիկային կը նախատեսուի ստորագրել կարգ մը համաձայնագիրներ, որոնց կարգին՝ Քանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանին հետ: «Թանգարանի միջազգային հեղինակութեան մասին խօսելիս պէտք է նշեմ, որ ապագայում նոր ցուցադրութեամբ, գիտական կապերով յաւակնում ենք դառնալ խոշոր հետազօտական կենտրոն, որը կ՛իրականացնի ոչ միայն ուսումնասիրութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով, այլեւ՝ ընդհանրապէս ցեղասպանագիտութեան թեմայի շուրջ», աւելցուցած է Դեմոյեան: «Ի դէպ, թանգարանի աւանդական Լեմիկինի անուան կրթաթոշակը մէկ գիտաշխատողի փոխարէն այս տարի տրուել է երկու գիտաշխատողի, ովքեր բաւական լուրջ յայտեր էին ներկայացրել կրթաթոշակի համար դիմելիս», դիտել տուած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.