2013-05-14 08:20:30

Նիւ Օրլինզի Մէջ Հրացանաձգութիւն Մը 19 Վիրաւորներ Կը Պատճառէ


Միացեալ Նահանգներու Նիւ Օրլինզ քաղաքին մէջ` Մայրերու օրուան առիթով կազմակերպուած շքերթի մը ժամանակ հրացանաձգութիւն մը տեղի ունեցած է` պատճառելով 19 վիրաւորներ:
Քաղաքին ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ վիրաւորներու շարքին են 10 տարեկան երկու երեխաներ: Ականատեսներու վկայութիւններէն ի յայտ եկած է, որ կրակոցը արձակած են երեք անձեր` երկու տեսակի զէնքերէ: Ոստիկանները ի յայտ բերած են, որ կրակողներէն մէկը հաւանաբար 18-22 տարեկան է: Ներկայիս քաղաքի ամբողջ ոստիկանութիւնը զբաղած է յանցագործները փնտռելով:
«Էֆ.Պի.Այ.»-ը դէպքը ահաբեկչութիւն չի նկատեր, այլ ընդամէնը` փողոցային բռնութեան դրսեւորում: Նիւ Օրլինզի ոստիկանութիւնը յանցագործներուն վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն հաղորդելու դիմաց 2.5 հազար տոլար խոստացած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.