2013-05-28 10:54:51

Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին Աւարտեց Լիբանան Կատարած Այցելութիւնը եւ Անցաւ Յորդանան։


''Սրբազան Հօր` սիրոյ, խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամը բերած եմ''

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, 24 - 28 մայիս այցելութիւն կատարեց Լիբանան, ուր մասնակցեցաւ Մարոնիթ երկու Եպիսկոպոսներու օծման արարողութեան, պատարագ մատուցեց Զահլէի Խաղաղութեան Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ ու հանդիպումներ ունեցաւ Մարոնիթ, Մելքիդ, Ասորի եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքներու հետ ինչպէս նաեւ կրօնական հաստատութիւններու անդամներուն եւ Լիբանանի Գարիթասի կամաւորներուն հետ որոնք Սուրիացի գաղթականներով կը զբաղին։

Լիբանանի այցելութիւնը աւարտելէ ետք Կարտինալ Սանտրին փոխադրուեցաւ Յորդանան ուր մայիս 29-ին կ՛այցելէ Սուրիացի Գաղթականներու Գարիդասի կեդրոնը եւ յետ միջօրէին Մելքիդ Յոյն քահանաներու հետ միասին կը մասնկացի ժամասացութեան աղօթքին ու երեկոյեան կը հանդիպի Մելքիդ Յոյն Արքեպիսկոպոսին հետ։ Մայիս 30-ին Արեւելեան Ժողովի կառավարիչը հանդիպում կ՛ունենայ Յորդանանի Թագաւոր` Ապտալլահ Բ-ին հետ որու հետ միասին կը մասնկացի Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքութեան պատկանող ''Մատապայի'' Համալսարանի բացման հանդիսութեան։
31 մայիսին ծիրանաւորը կ՛այցելէ ''Խաղաղութեան Թագուհի - Րէճինա Բաչիս'' անկարներու կեդրոնը որ վերջին ժամանակներուն դարձած է սուրիացի փախստականները հիւրընկալող վայր։
Կարտինալ Սանտրին Յունիս մէկին կը վերադառնայ Իտալիայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.