2013-08-06 09:25:06

Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետի Մահուան 35րդ Տարեդարձը


Երեքշաբթի 6 օգոստոսին կը նշուի երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետի մահուան 35րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճառին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ զոր կը նախագահէ Պէրկամոյի Թեմին եպիսկոպոսը գերապյածառ ֆրանչէսքօ Պէսքի, Պօղոս Զ -ի ծննդավայր` Գոնչէզիօ գիւղաքաղաքի քաղաքապետին եւ ժողովրդապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մը ներկայութեամբ։

Յայտնենք որ անցեալ 21 յունիս 2013-ին մեծ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Ճովաննի Պադիսդա Մոնդինի Կարտինալի` - Պօղոս Զ-րդի - Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուելուն 50 ամեակը։ Արդարեւ 21 յունիս 1963-ին, յաջորդելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին, Պօղոս Զ կը բարձրանար Սուրբ Պետրոսի Գահը։

Ան ծնած էր Պրէշիայի Գոնչէզիօ գիւղաքաղաքը` 26 սեպտեմներ 1897-ին։Անոր Քահանայապետութեան առաջին գործը եղաւ աւարտել Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի գործընթացը։Պօղոս Զ հանդիսացաւ եկեղեցական կեանքին մեծ բարենորոգող ու եկեղեցական կառոյցներուն արժանաւոր բարեկարգիչ ։Ան եղաւ առաջին քահանայապետը որ միջազգային ճամբորդութիւններ կատարեց` անոնցմէ նշենք Սուրբ Երկիր ճամբորդութիւնը 4 - 6 յունուար 1964 եւ Նիւ Եորք 4 - 5 հոկտեմբեր 1965։

Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետի գահակալութեան 50րդ տարեդարձին առթիւ Պրէշիայ թեմի ուխտաւորներուն ուղղած իր ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսած էր` ''Մոնդինի Քահանայապետի Քրիստոսի հանդէպ Սէրը ի յայտ կու գայ անոր կեանքի ամէն մէկ պահէն։ Նոյնիսկ Քահանայապետական անունի ընտրութենէն Պօղոս` այն առաքեալը ''որ սիրեց Քրիստոսը անհուն սիրով եւ Անոր աւետարանը ուզեց տանիլ բոլոր ժողովուրդներուն, ու ապա Քրիստոսի սիրոյն համար իր կեանքը տուաւ''։
Պօղոս Զ. Քահանայապետութիւնը տեւեց 1963էն 1978։Ան իր մահկանացուն կնքեց 6 օգոստոս 1978-ին Գասդելկանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ։ 20 դեկտեմբեր 2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը ''Ճովաննի Պադիսդա Մոնդինին - Պօղոս Զ-րդ'' հռչակեց Աստուծոյ Ծառայ'' ճանչնալով անոր ''հեռոսական առաքինութիւնները''։
Նշենք որ Պօղոս Զ Քահանայապետի սրբադասումի դատը սկիզբ առաւ 1993-ին։ Խնդրարկու հայր Անթոնիօ Մարացօ բժշկական դատախումբի քննութեան ենթարկած է մանուկի մը բուժումը, որուն բժիշկները ծանր կազմաւորումի մը ախտացոյց նշմարած էին նախքան ծնանիլը եւ խրատած են մայրիկին վիժում կատարել։ Մանուկին մայրը Պօղոս Զ-ի բարեխօսութիւնը խնդրած էր եւ մանուկը ծնած էր կատարեալ առողջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.