2013-08-26 12:07:50

«Մեր Հիւլէական Ծրագիրէն Պիտի Չհրաժարինք, Այլ Մեր Շահերը Պաշտպանելու Ոճը Պիտի Փոխենք» Ըսաւ Զարիֆ


Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ յայտնեց, որ «տնտեսական պատժամիջոցները Իրանին պիտի չստիպեն իր հիւլէական ծրագիրէն հրաժարիլ»:
Ան իրանեան պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Թեհրան «իր սկզբունքներէն չի հրաժարիր, այլ` իր գործելաոճը կը փոխէ»:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Ռուհանիի կառավարութիւնը մեծ պետութեանց հետ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի պաշտպանէ հիւլէական ուժի խաղաղ օգտագործման մէջ Իրանի իրաւունքը:
Ան ըսաւ, որ «մենք վճռական կերպով մեր շահերը պիտի պաշտպանենք, սակայն այդ մէկը պէտք է կատարենք պատշաճ, նուրբ եւ տրամաբանական ձեւով»:







All the contents on this site are copyrighted ©.