2013-08-31 09:30:17

Ռուսական Երկու Մարտանաւեր Սուրիոյ Մօտերը


Մինչ Սուրիոյ վրայ արեւմտեան յարձակումի մը մասին տարաձայնութիւնները կը շարունակէին լուսարձակներ խլել, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Հինգշաբթի, Օգոստոս 29ին յայտարարեց, թէ երկրին զինուորական ուժերը կարողութիւնն ունին ժողովուրդը պաշտպանելու արտաքին որեւէ յարձակումէ: Ասատ շեշտեց. «Որեւէ յարձակումի դէմ մենք մեզ պիտի պաշտպանենք»: Այս մասին կը յայտնէ AP-ին։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մքտատ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա «ահաբեկիչներուն» օգնեցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործելու՝ աւելցնելով, որ այդ նոյն խմբաւորումները մօտ օրէն այդ զէնքերը Եւրոպայի դէմ պիտի օգտագործեն: Ան ըսաւ, որ ՄԱԿի հետաքննիչներուն յանձնուած են փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ «զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները» ենթադրեալ յարձակումներու բոլոր վայրերուն մէջ «սարին» կազը օգտագործած են: Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի եւս յայտնեց, որ Սուրիա այս տագնապէն աւելի ուժեղ դուրս պիտի գայ եւ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ Արեւմուտքին «կեղծ ամբաստանութիւնը» պիտի դիմակայէ ժողովուրդին տոկունութեամբ ու միասնականութեամբ: Ան ազդարարեց, թէ «Սուրիա ներխուժողներուն գերեզմանը պիտի ըլլայ»:
Նոյն օրը, ռուսական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ Սեւ Ծովու տորմիղին մաս կազմող հրթիռարձակ մարտանաւ մը Միջերկրական ծով կ՛ուղղուի, իսկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ հիւսիսային նաւատորմիղէն այլ մարտանաւ մը պիտի միանայ անոր եւ արդէն իսկ շրջանին մէջ գտնուող ռուսական այլ մարտանաւերու:







All the contents on this site are copyrighted ©.