2013-09-05 11:56:01

Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Հարցով. «Փոքր Հայաստանը Շանթաժի Ենթարկեցին» Ըսաւ Էլմար Պրոք


Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, արտաքին գործոց խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Էլմար Պրոք երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա շանթաժի ենթարկած է Հայաստանը` ստիպելով զայն անդամագրուիլ Մաքսային միութեան:
«Հայաստան չի կրնար անդամակցիլ Մաքսային միութեան եւ միաժամանակ ստորագրել Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Ես շատ կը ցաւիմ անոր համար: Ատիկա քննարկած եմ նաեւ Հայաստանի նախագահին հետ: Մենք գիտենք, որ Հայաստանը կը գտնուի Ռուսիոյ կողմէ աներեւակայելի ճնշման տակ, եւ պատճառը Ազրպէյճանի հետ բարդ իրավիճակն է ու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը: Այդ ճնշումը կայ: Փոքր Հայաստանը շանթաժի ենթարկած են` այսպիսի որոշումի կայացման համար», «Ազատ Եւրոպա ձայնասփիւռի կայան/ Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայան» ընկերութեան թղթակից Ռիքարտ Եոզվիաքի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Պրոք:
Եւրոպացի խորհրդարանականը աւելցուց, որ ապագային Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ պիտի ըլլան «ինչպէս որեւէ երկրի հետ, սակայն անոնք պիտի չըլլան եւրոպական հեռանկարի յարաբերութիւններ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.